Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան 2 Դեկտեմբերին Լա Հէյի մէջ հանդիպում ունեցաւ Միջազգային քրէական դատարանի (ՄՔԴ) անդամ պետութիւններու համաժողովի նախագահ Փայուի Քաուքորանթայի հետ:
Զրուցակիցները քննարկեցին ՄՔԴի գործունէութեան արդիւնաւէտութեան ապահովման ուղղութեամբ անդամ պետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: Ընդգծուեցաւ, որ ներկայի մարտահրաւէրներով լեցուն ժամանակաշրջանին, ամուր յանձնառութիւնը միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու պահպանման եւ իրաւունքի գերակայութեան ապահովման, հետեւաբար նաեւ Դատարանի գործունէութեան առաւել քան կարեւոր է:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ Միջազգային քրէական դատարանին հետ Հայաստանի գործակցութիւնը:
Միրզոյեանն Քաուքորանթա միտքեր փոխանակեցին կայուն խաղաղութեան ապահովման ուղղութեամբ միջազգային արդարադատութեան գործիքակազմերու դերակատարութեան, նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն: