«Քուրիէ էնթերնասիոնալ» ֆրանսական շաբաթաթերթի 29 Նոյեմբերէն 5 Դեկտեմբեր 2007ի համարի խմբագրականը, ստորագրուած Ֆիլիփ Թհիւրօ-Տանժէնի կողմէ, յատկացուած է Դեկտեմբեր 2ին Վենեզուէլլայի եւ Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած ընտրական հոլովոյթներուն։ Շաբաթաթերթի հրատարակման պահուն, առանց տեղեակ ըլլալու տակաւին արդիւնքներուն մասին, խմբագրականը այնուամենայնիւ խիստ քննադատական մօտեցում ունի երկու երկիրներու նախագահներուն, Հիւկօ Չաւէզ Ֆրիասի եւ Վլատիմիր Փութինի նկատմամբ, որոնց յանձնառութիւնը ժողովրդավարութեան նկատմամբ հարցականի տակ կը դնէ խմբագրականի յատկանշական խորագրով իսկ՝ «Հանրաքուէի տեսքով պետական հարուածներ»։ Թհիւրօ-Տանժէն ընթերցողները կը հրաւիրէ յիշելու իրենց երկրորդականի պատմութեան դասը, մտաբերելու համար, որ ճիշդ Դեկտեմբեր 2, 1851 էր, որ այդ օրերուն արդէն երեք տարիէ ի վեր Ֆրանսայի նախագահի պաշտօնը գրաւող Լուի Նափոլէոն Պոնափարթ երկրի զինուած ուժերու օժանդակութեամբ վերջ տուաւ հանրապետական կարգերուն եւ հաստատեց այն, ինչ որ պատմութեան մէջ ծանօթ պիտի դառնայ որպէս Երկրորդ կայսրութիւնը։
Կասկածելի է, թէ Չաւէզ կամ Փութին այնքան մը տեղեակ ըլլան Ֆրանսայի պատմութենէն, որ ցանկան խորհրդանշական կապ մը հաստատել իրարմէ 156 տարի հեռաւորութիւն ունեցող գործընթացներուն միջեւ։ Ոչ ալ փաստացի դոյզն տուեալը կայ Քարաքաս-Մոսկուա խորհրդակցական կապերու ընտրական գործընթացները միեւնոյն ժամանակ անցնելու համար։ Աւելի՛ն, մինչ Վենեզուէլլայի մէջ ընտրողները քուէատուփ հրաւիրուած էին Չաւէզի կառավարութեան առաջարկած սահմանադրական 69 փոփոխութիւնները ընդունելու կամ մերժելու համար, ռուս քաղաքացիները երկրի օրէնսդիր մարմնի (Տումա) հերթական ընտրութիւններուն է, որ կը մասնակցէին։ «Քուրիէ էնթերնասիոնալ»ի խմբագրականին համար, սակայն, պատմական այս հեռաւորութենէն իսկ «զուգահեռները ակնբախ են»։ Այսպէս, Չաւէզ առաջին անգամ 1992ին փորձեց պետական հարուածով հասնիլ իշխանութեան, այնպէս ինչպէս, կը յիշեցնէ խմբագրականի հեղինակը, Լուի Նափոլէոնը փորձած էր նախ Սթրազպուրկի մէջ 1836ին, ապա Պուլոնյի՝ 1840ին, որմէ ետք վեց տարի արգելափակուած մնաց։ Ինչ կը վերաբերի Փութինի հետ զուգահեռներուն, ապա խորհրդային Քա. Կէ. Պէ.ի մէջ կազմաւորուած ղեկավարը 1999ին իշխանութեան բերելով, օրին Ռուսիոյ տնտեսական ու քաղաքական ճակատագրին վրայ իշխող օլիկարխները կը մտածէին զայն իրենց վերահսկողութեան տակ պահել, յար եւ նման 1848ի Փարիզի Կոմունան ճզմել ուզող Կարգի կուսակցութեան ղեկավարներուն, զորոնք կը գլխաւորէր Ատոլֆ Թիէր եւ որոնք կը կարծէին, թէ կայսրին զարմիկը բանտէն ազատ արձակելով պիտի կարենային իր միջոցով պայքարիլ «կարմիր աղէտին» դէմ։ Մնացեալը արդէն յայտնի է. երեք քաղաքական անձնաւորութիւններն ալ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն, անոնցմէ ոչ մէկը ժողովրդավարութեան արեւմտեան տարբերակին հանդէպ մասնաւոր համակրանք ունի, եւ երեքն ալ հետամուտ են քաղաքական իւրայատուկ ծրագիրներու (յատկապէս՝ «Պոլիվարեան սոցիալիզմ» Չաւէզի պարագային եւ «գերիշխան ժողովրդավարութիւն»՝ Փութինի)։ Կը մնայ, որ 21րդ դարուն կարելի չէ սուիններով պետական հարուած ընել, այդ նպատակին կը դիմուի օրինականօրէն՝ ենթակայ ժողովուրդին միջոցաւ, կ՚եզրակացնէ խմբագրականը։
2 Դեկտեմբերի ընտրական գործընթացներու արդիւնքները չեղան այնպէս ինչպէս Թհիւրօ-Տանժէն, արեւմտեան այլ դէտերու կողքին, կը նախատեսէր։ Վենեզուէլլայի մէջ Չաւէզի առաջարկած փոփոխութիւնները, որոնց կարգին յատկապէս առանց ժամանակամիջոցի սահմանափակման նախագահութեան թեկնածուի առաջադրութիւն, մերժուեցան ընտրողներու 50.7 տոկոսով, մինչ «Այո» քուէն ստացաւ ձայներու 49.3 տոկոսը։ Կոտորակային այս տարբերութիւնը, ինչպէս նոյնինքն Չաւէզ ըսաւ հրապարակային կերպով ընդունելէ ետք իր պարտութիւնը եւ շնորհաւորելով ընդդիմութիւնը, արգելք պիտի չհանդիսանայ, որ հետամուտ ըլլայ իր նպատակադրած բարեկարգումներուն դէպի այն, ինչ կը սահմանէ որպէս «21րդ դարու ընկերվարութիւն» շարունակման։ Ընդդիմութիւնը, իր կարգին, թէեւ տօնեց ընտրական յաղթանակը, սակայն գիտակից կը մնայ, որ Չաւէզ տակաւին մինչեւ Դեկտեմբեր 2012 իշխանութեան վրայ է, եւ եթէ ընդդիմութիւնը ինք չգերազանցէ իր ներքին պառակտումը եւ չկարենայ համախմբուիլ քաղաքական ծրագրի մը շուրջ, որ աւելի ըլլայ քան չաւէզեան ամէն նախաձեռնութեան «ո»չ ըսել, Վենեզուէլլայի նախագահը տակաւին այնքան ժողովրդականութիւն կը վայելէ, ի մասնաւորի երկրի ամենաընչազուրկ հատուածներուն մօտ, որ կրնայ սահմանադրական բարեփոխումներուն հարցը կրկին օրակարգի բերել։ Ռուսիոյ մէջ, սակայն, նախատեսուածին նման Փութինի կուսակցութիւնը, «Միացեալ Ռուսիա», շահեցաւ ժողովրդային քուէներու 64 տոկոսը, որով եւ Տումային մէջ պիտի գրաւէ 450 տեղերէն 393ը։ Աւելին, «Միացեալ Ռուսիա»ի կողքին, Տումային մէջ ներկայացուցչութիւն շահած միւս երեք կուսակցութիւնները, համայնավարներ (11.6 տոկոս), Ժիրինովսքիի հետեւորդ ծայրայեղ ազգայնականներ (8.2 տոկոս) եւ կեդրոն-ձախ «Արդար Ռուսիա» (7.8 տոկոս), բոլորն ալ քրեմլինամէտ ուժեր են։ Ընդդիմադիր ազատականները չկարողացան անցնիլ 7 տոկոսի սահմանը, ինչ որ կը նշանակէ իշխանութեան բացարձակ կեդրոնացում մէկ անձի ձեռքերուն մէջ։
Վենեզուէլլայի եւ Ռուսիոյ ընտրական գործընթացներու այս տարբեր արդիւնքները անհրաժեշտ կը դարձնեն վերատեսութեան ենթարկել Դեկտեմբեր 2ի նախընթաց վերլուծումները եւ քննադատական տեսանկիւնէ վերարժեւորել ժողովրդային քուէի ուժին իմաստը 21րդ դարու գործընթացներուն համար։ Նման խորհրդածութիւն կրնայ պիտանի ըլլալ նաեւ Հայաստանի քաղաքական գործընթացին համար, որքան ալ որ հայրենի քաղաքական ոչ մէկ ուժի ծրագրերուն մաս կազմէ «սոցիալիզմը», այնպէս ինչպէս բառացիօրէն կը դնէ Չաւէզ, եւ որքան ալ որ Հայաստանի քաղաքական բեմահարթակը հեռու ըլլայ Ռուսիոյ հարազատ հայելին ըլլալէ։ Այլ խօսքով, հարց չկայ զուգահեռներ գծելու Հայաստանի եւ Վենեզուէլլայի միջեւ, եւ որքան ալ որ ռուսական ներքին քաղաքական գործընթացները իրենց անդրադարձը ունենան նախկին խորհրդային տարածաշրջանի անկախ պետութիւններու, եւ յատկապէս Հայաստանի վրայ, երկու երկիրներու ներքին գործընթացներուն տարբերութիւններու շեշտադրումը շատ աւելի օգտակար է հասկնալու համար իւրաքանչիւրին յատուկ կացութիւնը, քան նմանութիւններու ընդգծումը։
Այսպէս, Դեկտեմբեր 2ի ընտրական գործընթացներու նախորդած վերլուծումներու քննադատական վերատեսութեան կարգով անհրաժեշտ է կարեւորել երկու նկատողութիւն։ Առաջինը կը վերաբերի արեւմտեան լրատուական, վերլուծաբանական թէ քաղաքական-դիւանագիտական շրջանակներու սուր քննադատական կեցուածքին՝ Վենեզուէլլայի եւ Ռուսիոյ ներկայ վարչակարգերուն նկատմամբ։ «Քուրիէ էնթերնասիոնալ»ի խմբագրականին օրինակով, այդ քննադատութիւնը ահազանգ հնչեցուց ժողովրդային քուէի ճամբով ամբողջատիրական կարգերու հաստատման հեռանկարին ուղղութեամբ։ Նման նախանձախնդրութիւն ոչ միայն հասկնալի, այլ նաեւ ողջունելի է բոլոր անոնց համար, ովքեր յանձնառու են ժողովրդավարութեան էական արժէքներուն։ Ի վերջոյ, պատմութիւնը ցոյց տուած է ժողովրդային քուէով հաստատուած ամբողջատիրութիւններ, որոնք ի վերջոյ ոչ միայն իրենց սեփական երկիրը այլեւ մարդկութիւնը դրած են աղէտալի կացութիւններու մէջ։ Ժողովրդավարութիւնը միայն քուէ չէ, եւ քուէն ինքնին կ՚իմաստազրկուի որպէս ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւն, եթէ չյարգուին նաեւ ազատ քուէի միջոց ստեղծող պայմանները, ի մասնաւորի խօսքի եւ քաղաքական գործի ազատութիւնը։ Այս իմաստով, պետական մեքենաներու շահագործումը իշխանութեան վրայ եղողներուն կողմէ կրնայ միայն առաջնորդել ժողովրդավարութեան աղաւաղման, եթէ ոչ պարզ եւ մեկին իմաստազրկման։
Կը մնայ, որ նախ ժողովրդավարութեան նման նախանձախնդրութիւն իր էութեամբ տիեզերական պէտք է ըլլայ, այսինքն՝ ձերբազատուի Արեւմուտքը նմանատիպ քննադատութենէ զերծ պահելու քաղաքական դիրքորոշումէն, ապա՝ անդրադառնայ նաեւ իւրաքանչիւր երկրի եւ հասարակութեան իւրայատուկ կացութեան՝ զայն ընկալելու եւ հասկնալու իմաստով, ոչ թէ այդ իւրայատկութիւնը ժողովրդավարութեան տիեզերականութենէն գերադասելու հեռանկարով, այլ՝ ժողովրդավարութիւնը հասկնալու համար որպէս գործընթաց։ Այսպէս, մինչ Չաւէզի հակա-ԱՄՆ կեցուածքը, Ֆիտէլ Քասթրոյի հետ իր մօտիկութիւնը, Իրանի հետ կապերը, եւ յատկապէս արդէն «մահացած» համարուած սոցիալիզմի ծրագրային վերակենդանացումը պատճառ դարձած են որ Վենեզուէլլայի նախագահը Արեւմուտքի կողմէ պատկերացուի որպէս փոփիւլիստ ամբողջատիրութեան հետամուտ ղեկավար եւ մինչեւ իսկ անվտանգութեան սպառնալիք, ԱՄՆի մօտիկ դաշնակից Քոլոմպիայի Ալվարօ Ուրիպէն կը ներկայացուի որպէս օրինակելի ժողովրդավար։ Պահպանողական Ուրիպէ ինքն ալ նախաձեռնեց սահմանադրական բարեփոխումներ, որոնք չաւէզեան նախաձեռնութեան հետեւումով իրեն առիթ կու տան իշխանութեան վրայ յարատեւելու միշտ ժողովրդային քուէի օգնութեամբ։ Արեւմուտքի կեցուածքի հակասութիւնը երկու լատինամերիկեան դրացի երկիրներու ղեկավարներուն նկատմամբ այնքան ակնբախ է, որ Իտալիոյ «Իլ Մանիֆեսթօ»ն ծաղրականօրէն դիտել կու տայ, որ երբ Չաւէզ փափաք կը յայտնէ, որ նախագահական վերընտրութիւնը անսահմանափակ ըլլայ, կը պատկերացուի որպէս բռնատէր։ «Ուրիպէ նոյնը կ՚ընէ Քոլոմպիայի մէջ եւ կը ներկայացուի որպէս անկեղծ ժողովրդավար մը»։
Ինչ կը վերաբերի ժողովրդավարութեան նախանձախնդրութիւնը իւրաքանչիւր երկրի պատմական պայմաններու ծիրին մէջ տեղադրելու անհրաժեշտութեան՝ որպէսզի ժողովրդավարութիւնը ընկալուի որպէս գործընթաց եւ ոչ թէ չափուած-ձեւուած բնորդ, որուն պէտք է անմիջականօրէն յարմարի ամէն հասարակութիւն, ապա եւ Վենեզուէլլայի եւ Ռուսիոյ պարագան կը յուշեն ժողովրդավարութեան օրինականութեան անհրաժեշտ երկու նախապայման, որոնք կը վերաբերին պետութեան դերին եւ հարստութեան վերաբաշխումին։ Այսինքն՝ պետութիւնը եւ հարստութեան վերաբաշխումի մեքանիզմը անհրաժեշտ են, որպէսզի ժողովրդավարութիւնը իմաստաւորուի որպէս կեանքի պայմաններու բարելաւման համակարգ։ Այս իմաստով, Փութինի երեւոյթը առաջին հերթին պէտք է ընկալուի որպէս քաղաքական այն անձնաւորութիւնը, որ Ռուսիոյ մէջ վերահաստատեց պետականութիւնը, եւ վերջ տուաւ օլիկարխներու անիշխանութեան, որ յատկանշած էր Ելցինի անցումային տարիները։ Գալով Չաւէզին, ապա եւ անոր ամբողջ ժողովրդականութիւնը հիմնուած է մէկ պարզ նախանձախնդրութեան վրայ. երկրի քարիւղային հարստութենէն բաժին հանել ընչազուրկ դասակարգին, որ մինչ այդ դատապարտուած էր յարատեւելու թշուառութեան մէջ։ Այլ խօսքով՝ Փութին եւ Չաւէզ իշխանութեան հասան ոչ թէ կառավարութեան հերթական փոփոխութեան բնական արարողութեան մը կատարման կարգով, այլ՝ համակարգային բարեփոխութիւններու ծրագրերով, որոնց իրագործումը տեղադրեցին ժողովրդային քուէի գործընթացներուն մէջ։ Նման նախանձախնդրութիւն եթէ ոչ ընդունելի, առնուազն հասկնալի պէտք է ըլլայ Ռուսիոյ եւ Վենեզուէլլայի նման երկիրներու պարագային։
Այս հասկացողութիւնը, սակայն, չի կրնար անտեսել ժողովրդավար կարգերու շարունակումը վտանգող նախաձեռնութիւնները եւ այս իմաստով թէ՛ Վենեզուէլլայի, եւ թէ Ռուսիոյ պարագաներուն հնչած քննադատութիւնները տեղին էին։ Կը մնայ, որ եւ հոս է Դեկտեմբեր 2ի ընտրական գործընթացներուն թելադրած նկատողութիւններուն երկրորդը, քուէի ուժը միշտ չէ, որ կ՚երաշխաւորէ համակարգային փոփոխութիւններու ծրագրերուն ընդունումը հասարակութեան կողմէ։ Ռուսիոյ պարագային, եւ հակառակ միջազգային դէտերու արձանագրած նախընտրական եւ ընտրական բոլոր խախտումներուն, Փութինի ժողովրդականութեան բարձր տոկոսը իրողութիւն է այսօր, բայց երաշխիք չկայ, որ շարունակուի ապագային։ Հետեւաբար, Ռուսիոյ մէջ ժողովրդավարութեան գործընթացին մասին հիմա է, որ պէտք է ամէնէն աւելի ուշադիր ըլլալ, ի մասնաւորի երբ իշխանութեան այս կեդրոնացումը առնուազն մտահոգիչ է։ Վենեզուէլլայի մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու մերժումը իր կարգին կը յուշէ, թէ ժողովրդային քուէի ճամբով համակարգային բարեկարգումներու ծրագիր ունեցող ղեկավարներ կամ քաղաքական ուժեր պէտք է շրջանցեն իրենց նախաձեռնութիւններուն տոկմաթիք բնոյթ տալու փորձութիւնը, որովհետեւ այդ մէկը անխուսափելի կը դարձնէ հասարակութեան սուր բեւեռացումը, եթէ ոչ բախումը։ Որքան ալ որ կարելի է համակրիլ Չաւէզի ընկերային արդարութեան նախանձախնդրութեան, Դեկտեմբեր 2ի ընտրական իր պարտութիւնը, առաջինը 1998ին իր իշխանութեան գալէն ի վեր, շատ յստակօրէն կը գծէ սահմաններ, որ անհրաժեշտ է յարգել՝ եթէ ժողովրդավարութեան յանձնառութիւնը անկեղծ է, ինչպէս ինք կը հաւաստիացնէ։