ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ՀԱՄԱՅԻ ՄՕՏԵՐԸ
Մինչ Սուրիոյ բանակը շարունակեց Հալէպի, Իտլիպի եւ Համայի շրջաններուն մէջ իսլամ ծայրայեղական զինեալ խմբաւորումներու յարձակումներուն դէմ դնել Համայի մերձակայքը, սուրիական եւ ռուսական օդային ուժերը յարձակումներ գործեցին Իտլիպի գիւղական շրջանին եւ Հալէպի եւ Համայի հիւսիսային գիւղական շրջանին մէջ ահաբեկիչներու դիրքերուն եւ շարժումներուն վրայ:
Միւս կողմէ, անձ մը սպաննուեցաւ, երբ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը Դամասկոսի միջազգային օդակայանի ճամբուն վրայ հարուածեց ինքնաշարժ մը:
«Դամասկոսի մէջ «Հըզպալլա»ի ղեկավար մը թիրախ դարձուցինք», իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանին յայտնեց իսրայէլացի զինուորական աղբիւր մը:
Քաղաքական գետնի վրայ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղճի յայտնեց, որ Իրանի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները հաւանաբար շաբաթավերջին հանդիպում մը պիտի ունենան` քննարկելու համար սուրիական թղթածրարը:
Նաեւ, Քաթարի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, թէ շրջանին մէջ իր գործընկերներուն հետ աշխատանք կը տանի Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւններուն վերջ տալու նպատակով: