Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան Միացեալ Նահանգներ կատարած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ 4 Դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու մօտ Հայաստանի դեսպանութեան մէջ ընդունեց զինուորական համազգեստի ձեւաւորման եւ պատրաստութեան գործին մէջ մասնագիտացած ամերիկեան «Միլլիքըն» ընկերութեան փոխնախագահ Պրուս Լաֆլամը եւ ընկերութեան զինուորական ու միջազգային ծրագիրներու ղեկավարներ Սքաթ Կրուփը եւ Թամի Եանկը: Պապիկեան այս մասին գրած է «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ։ «Հանդիպման ընթացքում քննարկել ենք Հայաստանի զինուած ուժերի նոր համազգեստի մշակման շրջանակում համագործակցութեանն առնչուող հարցեր, մասնաւորապէս` համազգեստի տեսակների, մշակման գործընթացի, փորձանմոյշների մատակարարման ժամկէտների եւ ծրագրի իրականացման այլ ընթացակարգերի վերաբերեալ», կ՛ըսէ Պապիկեան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.