«Թահրիր Շամ» խմբաւորումին շուրջ հաւաքուած իսլամական զինեալ խմբաւորումներու անակնկալ յարձակումին պատճառով Հալէպի մեծամասնութիւնը կորսնցուցած սուրիական բանակը խմբաւորումներուն յառաջխաղացքին քանի մը օր դէմ դնելէ ետք, Հինգշաբթի օր հեռացաւ նաեւ Համայէն, «քաղաքացիներուն ապահովութիւնը չվտանգելու» համար։ Թրքական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ զինեալները երեք առանցքներէ յարձակեցան Համա քաղաքի կեդրոնին վրայ:
Նշենք, որ բախումները ցարդ առաւել քան 500 զոհեր պատճառեցին։
Հալէպի վրայ իսլամական ուժերուն անակնկալ յարձակումին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը բացայայտ է, որովհետեւ անոնք յարձակումը կատարեցին Թուրքիոյ հակակշիռին տակ գտնուող շրջաններէն: Մինչ Անգարա կտրուկ կերպով կը հերքէ այս իրողութիւնը, թրքական մամուլը հրճուանքով կ՛անդրադառնայ դէպքերուն: Օրինակի համար, Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլը հպարտութեամբ կը գրէ, թէ թիւրքմէնները «ենիչերի»ներու քայլերգը երգելով՝ մուտք գործեցին Թել Ռըֆաաթ, մինչ ուրիշ տեղ մը գրուած է՝ «Հալէպի պարիսպներուն վրայ պարզուեցաւ թրքական դրօշակը»:
«Քրտական ժողովրդային պաշտպանութեան ջոկատներու զինեալներու 80 առ հարիւրը Հալէպէն մեկնեցաւ Ռաքքա նահանգ», յայտարարեց սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը:
ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Քուսայ Տահաք յայտնեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ վրայ զինեալներու յարձակումը կարելի չէր գործել առանց թուրք-իսրայէլեան միացեալ «կանաչ լոյս»ին:
Իսկ Քրեմլինը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ պէտք է դադրեցնել սուրիական պետութեան վրայ ահաբեկչական խմբաւորումներուն յարձակումները: Փութին եւ Էրտողան նշեցին, որ Սուրիոյ մէջ կացութեան հանդարտեցման համար պէտք է Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի միջեւ սերտ համակարգում կատարել:
«ԿՐԱԿ ԲԱՑԻՆՔ, ԵՐԲ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ՄԵՐ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ԿՐԱԿ ԲԱՑԻՆ». ՓԵՆԹԱԿՈՆ
«Հրթիռարձակման հարթակներու եւ հրասանդներու վրայ կրակ բացինք, երբ Սուրիոյ արեւելքը «Ֆուրաթ» ռազմակայանին մէջ մեր ուժերուն վրայ կրակ բացին: Վստահ չենք, թէ զէնքերը որուն կը պատկանին, սակայն գիտենք, որ Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումները կը գործեն այդ շրջանին մէջ», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը՝ Փենթակոնը: