Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ Պաքու հրաժարած է Մալթայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն:
«Էյ.Փի.Էյ»ը կրցաւ յստակացնել երկու արտաքին գործոց նախարարներուն հանդիպումը չիրականացնելու պատճառին մանրամասնութիւնները: Դիւանագիտական աղբիւրներ «Էյ.Փի.Էյ»ին յայտնեցին, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հանդէս եկաւ ԵԱՀԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպում մը կազմակերպելու նախաձեռնութեամբ: Պլինքըն պնդեց միջնորդել հանդիպումին:
«Էյ.Փի.Էյ»ը կը տեղեկացնէ, որ, ինչպէս յայտնի է, Միացեալ Նահանգները ներկայիս չի մասնակցիր Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան գործընթացին: Այս նախաձեռնութեամբ Պլինքըն մտադիր էր Միացեալ Նահանգները վերահամարկել խաղաղութեան գործընթացին: Սակայն ատրպէյճանական կողմը կտրականապէս մերժեց հանդիպում մը իրականացնելու՝ Պլինքընի առաջարկը:
«Պատճառը ընդհանուր առմամբ, Պայտընի վարչակազմին կողմէ Ատրպէյճանի նկատմամբ ցուցաբերուած անարդար եւ կողմնակալ քաղաքականութիւնն է, հետեւաբար, Ատրպէյճան ընդհանրապէս չի փափաքիր Միացեալ Նահանգներու մասնակցութիւնը խաղաղութեան օրակարգին եւ այս մէկը նպատակայարմար չի նկատեր», յայտնեց «Էյ.Փի.Էյ»ը: Առ այդ, այս հանդիպումը տեղի չունեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութիւնը չընդունելու պատճառով:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեան՝ այս մասին պատասխանելով «Ազատութեան» հարցումին՝ հաստատեց, որ հայկական կողմը համաձայնութիւն տուած էր հանդիպման: