
Սուրիոյ ընդդիմադիր զինեալ խմբաւորումները Կիրակի օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով՝ յայտարարեցին, որ իրենց վերահսկողութեան տակ առած են Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսը:
Սուրիացի երկու բարձրաստիճան պաշտօնատարներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեցին, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Դամասկոսէն անծանօթ ուղղութեամբ մեկնած է: Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Ասատ իր կնկան եւ զաւակներուն հետ Ռուսիա հասած է եւ Ռուսիա անոնց ապաստանեալի իրաւունք տուած է:
Սուրիոյ վարչապետ Մուհամմատ Ճալալի յայտարարեց, որ պատրաստ է գործակցելու ժողովուրդին ընտրած որեւէ ղեկավարութեան հետ եւ անոր բոլոր դիւրութիւնները ընծայելու` բոլոր թղթածրարներուն հեզասահ ու կանոնաւոր եւ պետական կառոյցները պահպանող կերպով փոխանցելու համար, «եւ մեր ձեռքը կ՛երկարենք ընդդիմադիրներուն, որոնք իրենց ձեռքը երկարեցին»: Ան քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` հանրային վայրերուն վնաս չպատճառելու, «որովհետեւ անոնք իրենց սեփականութիւնն են»:
Արտասահմանի սուրիական ընդդիմադիր ուժերու ազգային համախմբումի նախագահ Հատ Պահրա «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին կոչ ուղղեց` ազատ ընտրութիւններ իրականացնելու համար եւ «ապահով, անկողմնակալ եւ հանդարտ մթնոլորտ» ապահովելու նպատակով, 18 ամսուան տեւողութեամբ փոխանցման փուլ ունենալու:
Իսլամական «Հայըաթ Թահրիր Շամ» խմբաւորումի ղեկավար Ապու Մուհամմատ Ճուլանի Դամասկոս ժամանելով՝ Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռին կողմէ սփռուած ուղերձին մէջ յայտարարեց՝ «Ապագան մերն է»:
Ան իր զինեալներուն կոչ ուղղեց` չմօտենալու պետական հաստատութիւններուն` ընդգծելով, որ անոնք պիտի մնան նախկին վարչապետին վերահսկողութեան տակ, մինչեւ «անոնց պաշտօնապէս յանձնումը»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ողջունեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութեան տապալումը եւ զայն Սուրիոյ ժողովուրդին համար «պատմական առիթ» մը որակեց:
«Թուրքիա մեծ կարեւորութիւն կու տայ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան», յայտարարեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան՝ աւելցնելով. «Այժմ միլիոնաւոր սուրիացիներ, որոնք ստիպուեցան իրենց երկրէն հեռանալ, կրնան վերադառնալ»:
«Ռուսիա բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` հարցերը խաղաղութեամբ լուծելու եւ բռնութենէն ետ կանգնելու: Մոսկուա չմասնակցեցաւ Սուրիոյ մէջ իշխանութեան յանձնման շուրջ բանակցութիւններուն: Կոչ կ՛ուղղենք՝ յարգելու Սուրիոյ հանրութեան բոլոր ազգային եւ կրօնական ուժերու տեսակէտները», յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով՝ աւելցնելով. «Կը զօրակցինք ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ որդեգրուած թիւ 2254 որոշումին վրայ հիմնուած քաղաքական համապարփակ գործողութիւն մը ստեղծելու ձգտող ջանքերուն»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին յայտարարեց հետեւեալը. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Սուրիոյ մէջ զինեալ տագնապի շարք մը կողմերու միջեւ բանակցութիւններուն հիման վրայ, Ասատ որոշեց հեռանալ իր պաշտօնէն եւ ան ցուցմունք տուաւ իշխանութիւնը խաղաղօրէն փոխանցելու եւ երկրէն մեկնեցաւ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Թեհրան կը շարունակէ աջակցիլ միջազգային ջանքերուն, մասնաւորաբար Սուրիոյ մէջ քաղաքական հոլովոյթը շարունակելու՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2254 որոշումին, եւ որ Սուրիոյ ճակատագիրը միայն սուրիացի ժողովուրդին պատասխանատուութիւնն է, եւ անիկա պէտք է ճշդուի առանց օտար պարտադրանքի կամ քանդիչ միջամտութեան:
«Ասատի վարչակարգը իրանեան չարիքի առանցքի կեդրոնական օղակն էր, եւ տապալեցաւ շնորհիւ անոր հիմնական աջակիցներուն` Իրանի եւ «Հըզպալլա»ի վրայ՝ մեր հարուածներուն: Ասատի վարչակազմի տապալումը Իսրայէլի համար նոր եւ շատ կարեւոր առիթներ կը ստեղծէ, սակայն հարցը վտանգներէ զուրկ չէ», ըսաւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու՝ այցելելով Սուրիոյ սահմանը:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Իսրայէլ Քաց յայտնեց, որ Կոլանի բարձունքին մէջ բնակող իսրայէլացիներուն պաշտպանութիւնը երաշխաւորելու ծրագիրի մը ծիրին մէջ որդեգրած է որոշում մը` իսրայէլեան բանակէն ուժեր տեղակայելու Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ ՄԱԿի հսկողութեան տակ գտնուող չէզոք գօտիին մէջ: