

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փարիզի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Նոթրը Տամ տաճարի վերաբացման արարողութեան եւ կապ հաստատեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ ամերիկացի միլիառատէր Իլան Մասքի ու ուրիշներու հետ:
Ըստ Հայաստանի կառավարութեան լրատուական գրասենեակին՝ Նոթրը Տամի վերաբացման հանդիսութեան ներկայ եղան Ֆրանսայի նախագահը, Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը, Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթըր Շթայնմայըր, Իտալիոյ նախագահ Սերճիօ Մաթարելլա, Լեհաստանի նախագահ Անճէյ Տուտա, Խորուաթիոյ նախագահ Զորան Միլանովիչ, Պուլկարիոյ նախագահ Ռումեն Ռատեւ եւ այլ երկիրներու առաջնորդներ ու կառավարութիւններու ղեկավարներ:
Բարձրաստիճան հիւրերը շրջագայեցան Նոթրը Տամի մէջ:

Երեկոյեան, Փաշինեան եւ Աննա Յակոբեան Էլիզէի պալատին մէջ մասնակցեցան Էմանուել եւ Պրիժիթ Մաքրոններուն կողմէ՝ ի պատիւ Փարիզի Նոթրը Տամ տաճարի վերաբացման արարողութեան մասնակցող պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներուն տրուած պաշտօնական ընթրիքին:
«Փարիզի Աստուածամօր տաճարի վերաբացման արարողութիւնը ԱՄՆ ընտրուած նախագահ Դոնալդ Թրամփի եւ Ֆրանսիայի նախագահ Էմանուէլ Մակրոնի հետ շփուելու լաւ առիթ ընձեռեց», «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է Փաշինեան` նաեւ լուսանկարներ հրապարակելով: