8 Դեկտեմբերին, Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահին արտաքին քաղաքական հարցերու օգնական Հիքմեթ Հաճիեւի եւ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կիտէոն Սաարի միջեւ հանդիպումը։
«Քննարկեցինք Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները, տարածաշրջանային ապահովութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ամուր յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր», հաղորդեց Սաար։