Ըստ Ռուսիոյ Արտաքին հետախուզական ծառայութեան (СВР) տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինի` յետ խորհրդային տարածքին, որոնց կարգին՝ Հարաւային Կովկասի մէջ, Միացեալ Նահանգներու ազդեցութիւնը սկսած է նուազելու: «Ատրպէյճան եւ Հայաստան առանձնապէս չեն հետեւիր խաղաղ կարգաւորման վերաբերող Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան խորհուրդներուն` գերադասելով բոլոր հարցերը ինքնուրոյն լուծել», ըսաւ Նարիշքին։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.