Ծանօթ է բոլորիդ, որ շուրջ տարի մը առաջ 2007 թուականը Հայ լեզուի տարի հռչակած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը մեծ խանդավառութիւն յառաջացուց Սփիւռքի ողջ տարածքին։ Այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ բոլոր թեմերուն մէջ կազմակերպուեցան հայ լեզուին նուիրուած հրապարակային ձեռնարկներ, կրթական ներքին խորհրդաժողովներ, միջվարժարանային շարադրական եւ արտասանական մրցանքներ եւ լոյսին եկան Մեծասքանչին կարեւորութիւնն ու անփոխարինելի արժէքը ընդգծող հրատարակութիւններ։
Հայ աշակերտը անմասն չմնաց իր առօրեան հայ լեզուի ոգեշունչ խորհուրդով հարստացնելու համազգային խանդավառութենէն։ Անսաց վեհափառ հայրապետին հայրական հրաւէրին եւ դպրոցական ու հրապարակային ձեռնարկներով տուաւ փաստը իր հաւատարմութեան, գիտակցութեան եւ հայավայել սիրոյն։ Այս իրողութեան պերճախօս վերջին փաստերը հանդիսացան լիբանանահայ վարժարաններու խումբ մը աշակերտներու այն սրտաբուխ գրութիւնները, որոնք վերջերս լոյս տեսան լիբանանահայ մամուլի էջերուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցած Հայ գիրքի 29րդ ցուցահանդէսին առիթով։
Հայ գիրքի 29րդ ցուցահանդէսի բացումը կատարող իր հայրական խօսքին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծեց այս երեւոյթը եւ առ ի քաջալերանք՝ յայտարարեց, որ թելադրած է կաթողիկոսարանի Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի գրասենեակին՝ ՀԱՅ ԼԵԶՈՒԻ ԵՒ ՀԱՅ ԳԻՐՔԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԵՐ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒՆ ԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՄՓՈՓԵԼ ՀԱՏՈՐԻ ՄԸ ՄԷՉ ԵՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿԵԼ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՏՊԱՐԱՆԷՆ։
Ուրախութեամբ կ՚ուզենք յայտնել, որ լիբանանահայ վարժարանները ներկայացնելու կոչուած այլ աշակերտներ նաեւ իրենց հաւատարմութիւնը ապացուցող շարադրական փորձերը փութացուցին մեզի՝ զանոնք հրատարակուած տեսնելու արդար ակնկալութեամբ։ Եւ որպէսզի Սփիւռքի մնացեալ հայագաղութներու աշակերտները նաեւ անմասն չմնան այս նախաձեռնութենէն, սոյն գիրով կը դիմենք Սփիւռքի բոլոր միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարաններու տնօրէններուն, որ անհրաժեշտ բծախնդրութեամբ ընտրութիւն կատարելէ ետք, իրենց տնօրինութեամբ գործող հայկական դպրոցներու աշակերտներուն լաւագոյն գրութիւնները հասցնեն Անթիլիաս, Կրթական-հայագիտական բաժանմունքի գրասենեակ։
Առ ի յստակացում՝ յայտնենք, որ հատորը պիտի բաղկանայ երկու մասէ։ Առաջին բաժինին մէջ պիտի ամփոփուին միջնակարգի երրորդ, այսինքն՝ Թ. կարգի աշակերտներու արձակ եւ չափածոյ փորձեր, իսկ երկրորդ մասին մէջ՝ երկրորդականի երեք կարգերու աշակերտներու շարադրական եւ բանաստեղծական փորձերէն քաղուած ընտիր նմուշներ։
Նախընտրելի է, որ գրութիւնները ըլլան մեքենագիր եւ ամփոփուին A4 երկու էջի մէջ։ Թեկնածու գրութիւններու թիւին ճշդումը կը թողունք ձեր հայեցողութեան։ Գրութեան աւարտին, աշակերտին անուն մականունին կողքին, կը խնդրուի նշել ենթակային տարիքը, դասարանը եւ, բնականաբար, դպրոցին լրիւ անունը։
Վստահ ենք, որ այս հրաւէրը պիտի արժանանայ Սփիւռքի բոլո՛ր հայկական վարժարաններու (ազգային, համայնքային, միութենական եւ սեփական) տնօրէններուն, կրթական պատասխանատուներուն եւ հայ լեզուի եւ գրականութեան ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն յատուկ ուշադրութեան, եւ մեր բոլոր վարժարանները, իրենց ամբողջական աջակցութեամբ, գործնապէս պիտի նպաստեն սոյն ծրագիրը յաջողութեամբ պսակելու մեր ճիգերուն։
Հասկնալի է լռելեայն, որ այս առիթով կեանքի կոչուած յատուկ յանձնախումբ մը ներկայացուած գրութիւններուն մէջէն պիտի ընտրէ աշակերտական յաջողագոյն փորձերը, որպէսզի սփիւռքահայ բոլոր հայագաղութները հանդէս գան իրենց արժանաւորագոյն ներկայացուցիչներով։
Իբրեւ վերջին ժամկէտ՝ նկատի պիտի առնուի Մարտ ամսուան աւարտը։ Շնորհիւ ձեր ամբողջական գործակցութեան՝ կը նախատեսենք հատորը լոյս ընծայել յառաջիկայ տարուան Հոկտեմբերին, Հայ գիրքի 30րդ ցուցահանդէսի նախօրեակին։ Այսպիսով, նախընթաց չունեցող նման հատորի մը մէջ համախմբուելով՝ աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայ աշակերտները պիտի շեշտեն, որ Հայ լեզուի տարին 365 օրերով սահմանափակուող յիշատակելի պարզ թուական մը չէ, այլ՝ «յաւերժի ճամբորդ» հայ ժողովուրդին յարատեւ գոյերթին բացարձակ ժամանակը։ Աւելի՛ն. իբրեւ արժանաւոր ժառանգորդները հայ գիրքին՝ մեր աշակերտները գործնապէս պիտի մասնակցին հայ գիրքի 30րդ ցուցահանդէսին՝ անոր տօնական մթնոլորտը ջերմացնելով իրենց արձակ ու չափածոյ քաղցրահնչուն համերգով։
Կը խնդրուի ըլլալ ճշդապահ եւ գրութիւնները Անթիլիաս փութացնել՝ ձեռամբ, ել-նամակով կամ թղթատարով։ Շնորհակալ պիտի ըլլանք, եթէ իրենց գրութիւնները ձեռամբ փութացնող վարժարանները զիրենք ներկայացնող գրութիւններու պահարանին մէջ նաեւ տեղադրեն անոնց համակարգչային disket-ը։
Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքի հայկական դպրոցներուն, գործնական մտահոգութիւններէ առաջնորդուած՝ կը թելադրենք օգտագործել ել-նամակի կամ թղթատարի դրութիւնը (վերջինին պարագային՝ ներփակ կցել disket-ը)։
Մեր օգտագործելի հասցէներն են.-
* Ձեռամբ.- Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան
Կրթական-Հայագիտական Բաժանմունքի Գրասենեակ
Անթիլիաս, Լիբանան
* Ել-նամակ.- Մինչեւ Յունուար 12՝ edu@cathcil.org
Յունուար 13էն սկսեալ՝ edu@armenianorthodoxchurch.org
* Թղթատար.-
Armenian Catholicosate of Cilicia
Armenological Activities Department
P.O.Box 70 317
Antelias – Lebanon
Յաջողութիւն ձեր աշխատանքներուն։ Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
ԿՐԹԱԿԱՆ-ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
Անթիլիաս, 18 Դեկտեմբեր 2007