Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Յորդանանի, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ քննարկեց Սուրիոյ կացութիւնը:
Միլըր ըսաւ, որ «Հայըաթ Թահրիր Շամ»ը ճիշդ բառամթերք կ՛օգտագործէ, սակայն Միացեալ Նահանգները զայն պիտի դատեն անոր արարքներուն համեմատ:
«Պլինքըն շեշտեց Ուաշինկթընի աջակցութիւնը սուրիական պատասխանատու կառավարութեան մը, որ ժողովուրդը կը ներկայացնէ եւ անոր կողմէ ընտրուած է», նշեց արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Միացեալ Նահանգները ամբողջական կերպով կը զօրակցի Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցման եւ կ՛ուզէ, որ հոլովոյթը յանգեցնէ հաւաստի, համապարփակ եւ ոչ-համայնքային կառավարութեան մը, որ համահունչ է թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան միջազգային արժեչափերուն», յայտարարեց Պլինքըն:
Իսկ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի իր կարգին յայտնեց հետեւեալը. «Ամերիկացի պաշտօնատարները կացութեան զարգացման լոյսին տակ սերտ հաղորդակցութեան մէջ են սուրիական ընդդիմութեան խմբաւորումներուն եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներուն հետ: Նաեւ, Ուաշինկթընի աջակցութիւնը վայելող Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն Անգարայի աջակցութիւնը վայելող զինեալ ընդդիմութեան խմբաւորումներուն յառաջխաղացքէն ետք, հիւսիսային Սուրիոյ Մընպեճ քաղաքէն հեռացման հարցով, Միացեալ Նահանգները Թուրքիոյ հետ սերտ հաղորդակցութեան մէջ է»:
ՍՈՒՐԻՈՅ ԴՐԱՑԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱԾԻՆ ՄԷՋ ՅՍՏԱԿ ԴԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ, ԵՒ ԱՆԻԿԱ ԾՐԱԳՐՈՒԵՑԱՒ ԱՄԵՐԻԿԱ-ԻՍՐԱՅԷԼ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՍԵՆԵԱԿԻ ՄԸ ՄԷՋ. ԽԱՄԵՆԷԻ
«Այն, ինչը Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցաւ, անկասկած, արդիւնք է ամերիկեան-սիոնական միացեալ ծրագիրի մը: Այդ մէկը հաստատող փաստաթուղթեր ունինք: Սուրիոյ դրացի պետութիւններէն մէկուն յստակ դերը կայ։ Կասկած չկայ, որ այդ յարձակում գործողներէն իւրաքանչիւրը, ինչպէս ըսի, իր նպատակը ունի, եւ անոնց նպատակները իրարմէ տարբեր են, կը ջանան բռնագրաւել Սուրիոյ հիւսիսը կամ հարաւը, իսկ Ամերիկա կը ջանայ շրջանին մէջ իր դիրքը ամրապնդել: Ասոնք են անոնց նպատակները, եւ ժամանակի ընթացքին ասիկա պիտի փաստուի: Անոնք, Աստուած ուզէ, այդ նպատակներէն ոչ մէկը պիտի իրագործեն: Սուրիոյ մէջ բռնագրաւուած շրջանները սուրիացի նախանձախնդիր երիտասարդներու ձեռքով պիտի ազատագրուին», յայտնեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի: