Ըստ ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցներուն՝ 16 Դեկտեմբերին, Ատրպէյճանի վերաքննիչ դատարանը մերժեց Ֆրանսայի քաղաքացի Քլերք Թեկօ Հիւկոյի` բանտարկութեան դատավճիռը փոխելու միջնորդութիւնը:
Սեպտեմբերին, Հիւկօ երեք տարուան բանտարկութեան դատապարտուեցաւ Պաքուի մեթրոյի գնացքներէն մէկը նկարազարդելուն համար:
Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.» գործակալութեան` Հիւկօ 16 Դեկտեմբերին դատարանին մէջ յայտարարեց, որ ինքզինք մեղաւոր չի նկատեր եւ դատարանէն խնդրեց կա՛մ ներում շնորհել իրեն, կամ՝ ինչպէս իր ընկերներուն պարագային, դատավճիռը փոխարինել տուգանքով, բայց դատարանը անոր խնդրանքը չբաւարարեց:
Նոյն պատճառով բանտարկուած են նաեւ Նոր Զելանտայի եւ Աւստրալիոյ քաղաքացիներ, սակայն վերջիններս շուրջ 3 հազար 500 եուրօ տուգանքի ենթարկուեցան եւ ազատ արձակուեցան:
Փարիզ իր դժգոհութիւնը արտայայտեց Պաքուի որոշման համար` զայն որակելով «կամայական եւ բացայայտ խտրական վերաբերմունք»:
Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութիւնը եւս դատապարտեց Ֆրանսայի քաղաքացիին բանտարկութիւնը` ընդգծելով, որ գործով անցնող երկու այլ ամբաստանեալներ, որոնք այլ ազգի քաղաքացիներ են, նոյն մեղադրանքով ոչ թէ բանտարկուած են, այլ ուղղակի տուգանք վճարած եւ ազատ արձակուած են: