Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը Հայաստանի պատկան մարմինները հրաւիրեց աջակցելու՝ Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն դէմ քրէական գործին մէջ:
«Ղեկավարուելով սոյն քննչական գործի ծիրին մէջ կասկածելի բազմաթիւ անձերու, ինչպէս նաեւ վկաներու` Հայաստանի տարածքին մէջ գտնուելու լուրջ պատճառներով, Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը Հայաստանի պատկան մարմիններուն գործակցութեան հրաւէր կը յղէ», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Նոյն դատախազութիւնը նաեւ յայտնեց, որ Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն դէմ յարուցուած քրէական գործը ուղարկուած է Պաքուի զինուորական դատարան:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը քրէական գործեր յարուցած է բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարներէն 15ին նկատմամբ: Սեպտեմբեր 2023ին, Արցախի Հանրապետութեան վրայ Ատրպէյճանի զանգուածային յարձակումին պատճառով անոնք ապօրինաբար ձերբակալուեցան եւ տարուեցան Պաքու: Անոնց դէմ առաջադրուած է մեղադրանք՝ ահաբեկչութեան, ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման, օրէնքով չնախատեսուած զինուած կազմաւորումներ եւ խմբաւորումներ կազմելու, ահաբեկչութեան նպատակով վարժութիւններ կատարելու մէջ:
Յիշեցնենք, որ այժմ Պաքուի մէջ ապօրինի կերպով բանտարկուած են նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեան, Բակօ Սահակեան եւ Արայիկ Յարութիւնեան, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, արտաքին գործոց նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեան, պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեան եւ զինուած ուժերու նախկին հրամանատար Դաւիթ Մանուկեան: