Երեւանի մէջ, 12 եւ 13 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5րդ համաժողովի ծիրին մէջ, «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Ազգային փոքրամասնութիւններու հարցերու գծով Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) նախկին յատուկ զեկուցող Ֆերնան Տը Վարեն յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը կրնայ նկատուիլ ռազմական կամ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն: «Միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն դիտած՝ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը կրնայ նոյնացուիլ ցեղային զտման հետ», ըսաւ ան:
Պատասխանելով հարցումին, թէ արդեօք Սեպտեմբեր 2023ին, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյճանի կատարած գործողութիւնները կարելի՞ է ցեղասպանութիւն որակել՝ Տը Վարեն ըսաւ, որ իրականութեան մէջ ցեղասպանութիւնը միջազգային իրաւունքով շատ դժուար հաստատուող յանցագործութիւն է, որովհետեւ անոր համար յատուկ մտադրութիւն պէտք է:
Ըստ Տը Վարենի՝ յստակ է, որ կարելի չէ համաձայն չըլլալ, որ Արցախի մէջ տեղի ունեցած են ցեղային զտումներ:
«Այդ ինքնին ցեղասպանութիւն չէ, բայց կրնայ նկատուիլ իբրեւ ռազմական յանցագործութիւն կամ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն: Այսպիսով, միջազգային իրաւունքի տեսանկիւնէն դիտած՝ այն, ինչը տեղի ունեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, կը կարծեմ` շատ դիւրութեամբ կրնայ նոյնացուիլ ցեղային զտումին հետ, որ կրնայ ռազմական յանցագործութիւն կամ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն նշանակել», ըսաւ Տը Վարեն, որ խօսելով նաեւ 1915ին իրականացած Հայոց Ցեղասպանութեան, ինչպէս նաեւ անոր վերաբերեալ Թուրքիոյ շարունակական ժխտողական քաղաքականութեան եւ հռետորաբանութեան մասին՝ յայտնեց, որ իրականութեան մէջ դժուար է ըսել, թէ որքան պիտի շարունակուի թրքական ժխտողականութիւնը, եւ ե՛րբ Անգարան պիտի ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
«Կրնայ ըլլալ, ասկէ քանի մը տարիներ ետք, թրքական կողմի վերաբերմունքի որոշ փոփոխութիւն մը տեղի ունենալ․կրնան յայտնուիլ տարբեր քաղաքական, ընկերային եւ իրաւական ենթատեքստ ունեցող իրավիճակներ, որոնց մէջ թրքական կառավարութեան համար կրնայ աւելի դիւրին ըլլայ իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալը:
«Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» 5րդ համաժողովին եւ այդպիսի այլ ժողովներու կարեւորութեան անդրադառնալով՝ Տը Վարեն զանոնք կարեւոր նկատեց, մանաւանդ որ աշխարհը այժմ կը բախի աւելի վտանգաւոր երեւոյթներու, ուր կան աւելի դաժան հակամարտութիւններ, պատերազմներ եւ իրավիճակներ, ուր գերիշխող է ատելութիւնը եւ ցեղասպանութիւնը:
«Մենք ունինք աշխարհ մը, որ աւելի անկայուն դարձած է, ուր որոշ խումբերու իրաւունքները կը ժխտուին, որովհետեւ անոնք կը նկատուին օտարներ, օտարերկրացիներ կամ ոչ հաւատարիմ քաղաքացիներ: Իսկ այս կը նշանակէ, որ մենք կը տեսնենք յատկապէս ցեղային, կրօնական կամ լեզուական փոքրամասնութիւնները թիրախ դարձնելու մրցանշային մակարդակ մը, ուր անոնք կը զրկուին իրենց հիմնական իրաւունքներէն: Եւ ինքնին այդ իրաւունքներու ժխտման, ատելութեան խօսքի պարունակին մէջ է, որ կացութիւնը իսկապէս կը պայթի ընկերային ցանցերուն վրայ եւ աճող թիւով դաժան հակամարտութիւններուն մէջ, ինչ որ կ՛աւելցնէ ցեղասպանութեան եւ այլ վայրագութիւններու վտանգները», ըսաւ Տը Վարեն՝ եզրափակելով. «Կը կարծեմ, թէ կան բազմաթիւ երկիրներ, որոնք կը գիտակցին, թէ այսօր ասիկա հարց է: Եւ Հայաստան, թէեւ փոքր երկիր է, սակայն պէտք է օգտագործէ իր փորձառութիւնը եւ նախաձեռնողականութիւն ցուցաբերէ` փորձելով աշխատիլ եւ բացայայտել խումբ մը, որ պիտի աշխատի այդ քայլերուն ուղղութեամբ»: