Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, ելոյթ ունենալով Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու համաժողովի 8րդ նախարարական հանդիպումին՝ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ պատմութեան ընթացքին քաղաքակրթութիւնները ծառայած են իբրեւ մարդկային ստեղծարարութեան, գիտելիքի եւ քաղաքակրթութեան սկզբունքներու կարեւոր աղբիւրներ` մշակութային յիշողութեան շտեմարաններ, որոնք կը շարունակեն ձեւաւորել մեր հաւաքական ինքնութիւնը: «Մշակութային բազմազանութիւնը դնելով երկխօսութեան կենտրոնում` մենք ոչ միայն ընդունում ենք հնագոյն քաղաքակրթութիւնների խոր ազդեցութիւնը ժամանակակից համաշխարհային մշակութային պատկերի ձեւաւորման վրայ, այլ նաեւ բացայայտում, թէ ինչպէս նրանց ժառանգութիւնը կարող է մեզ ուղղորդել դէպի խաղաղութիւն, փոխադարձ յարգանք եւ ըմբռնում` միեւնոյն ժամանակ ընդունելով այլ մշակոյթներն ու բազմազանութիւնը», շեշտեց Միրզոյեան, որ դիտել տուաւ, թէ այսպիսի համաժողովներ կարելիութիւն կու տան ոչ միայն անդրադառնալու բազմակողմանի օրակարգի աւանդական թեմաներուն, այլ նաեւ ունին հսկայական չգործածուած ներուժ` խթանելու միջմշակութային փոխանակումները եւ խաղաղութեան մշակոյթը:
Ապա Միրզոյեան լուսարձակի տակ առաւ ներկայիս աշխարհի բազմաթիւ մարտահրաւէրները եւ անոնց ազդեցութիւնը մշակոյթին վրայ: «Այս հանդիպումն անցկացւում է մի ժամանակահատուածում, երբ բազմակողմ համակարգը եւ միջազգային իրաւունքը բախւում են աննախադէպ մարտահրաւէրների: Աշխարհը բախւում է անվտանգութեան շարունակական սպառնալիքներին, հակամարտութիւնների վերսկսմանը, ինչը զուգորդւում է մարդկային ահռելի տառապանքով, ինքնութեան վրայ հիմնուած ատելութեամբ ու մշակութային ժառանգութեան միտումնաւոր ոչնչացման կամ իւրացման կտրուկ աճով: Այսպիսի գործողութիւնները, որոնք յաճախ պայմանաւորուած են պատմութիւնը որպէս գործիք օգտագործելու հանգամանքով եւ կեղծ խօսոյթներով, ծառայում են նաեւ որպէս գործիք տարածքային պահանջներն «արդարացնելու» եւ բաժանարար գծերը խորացնելու համար` խարխլելով միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հիմքերը: Ցաւօք, Հայաստանն այն երկրների շարքում է, որոնք մշտապէս բախւում են նման մարտահրաւէրների: Այս նպատակով Հայաստանը վճռականօրէն աջակցում է բազմակողմ հաստատութիւնների, մասնագիտացուած գործակալութիւնների եւ իրաւական գործիքների ամրապնդմանը` մշակութային ժառանգութիւնն առաւել արդիւնաւէտ պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ խաղաղութեան, փոխըմբռնման եւ փոխադարձ յարգանքի մշակոյթն առաջ մղելու համար: Աւելի՛ն, Հայաստանը հաւատարիմ է միջազգային համագործակցութեանը Հնագոյն քաղաքակրթութիւնների ֆորումի շրջանակներում: Մենք աջակցում ենք Ֆորումի կարողութիւնների ամրապնդմանը` հնարաւորութիւն տալու նրան իրականացնել փոփոխուող եւ նոր մարտահրաւէրներին համապատասխան յաւակնոտ եւ գործնական քայլեր»։
Միրզոյեան աւելցուց, որ մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մէջ մեծ է ԵՈՒՆԵՍՔՕի դերակատարութիւնը, սակայն իւրաքանչիւր երկիր եւս ընելիք ունի այս գծով։
«Ամփոփելով` Հայաստանը հպարտ է լինել այս հնագոյն քաղաքակրթութիւնների ընտանիքի անդամ: Այս առաւելութիւնն իր հետ բերում է մեծ պատասխանատուութիւն` պահպանելու մարդկութեան համատեղ ժառանգութիւնն ու պաշտպանելու այն արժէքներն ու աւանդոյթները, որոնք կազմում են մեր աշխարհի քաղաքակրթական հիմքերը: Մենք շարունակելու ենք համագործակցել Ֆորումի անդամ պետութիւնների հետ` յանուն աւելի խաղաղ, արդար եւ ներդաշնակ ապագայի», եզրափակեց Միրզոյեան: