
1920ականներուն Լիբանանի Ղազիր շրջանին մէջ գտնուող որբանոցին մէջ, հայ որբերու հիւսած գորգը՝ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի դասախօս, դոկտ. Վահրամ Շէմմէսեան նուիրեց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին։ Ան գորգը գնած էր համացանցային աճուրդի մը ընթացքին:
Գորգը ունի ծաղկային պատկերներ եւ հիւսուած է 1923ին հիմնադրուած գորգագործական գործատան մէջ:
Գործատունը հիմնադրուած էր Ղազիրի «Աղջկանց որբանոց»ի տնօրէն, զուիցերացի վիրաբոյժ եւ բարեգործ Եաքոպ Քիւնզլերի ջանքերով: Հայ որբերուն եւ դժուար պայմաններու մէջ յայտնուած անձերուն ցուցաբերած հոգատարութեան համար զայն անուանած են «Հայ որբերու հայր»: Գործատան աշխատանքները ղեկավարած է ուրֆացի Յովհաննէս Թաշճեան։