Ռոբերտ Քոչարեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան արտագնայ նիստ, յայտնեցին «Հայաստան» դաշինքէն:
Քննարկուեցան ներքաղաքական ներկայի հարցերը եւ հնարաւոր զարգացումները: Անդրադարձ կատարուեցաւ աշխարհաքաղաքական իրավիճակին եւ արտաքին խորացող մարտահրաւէրներուն: