Պաքու հայկական կողմին ժամանակ տուաւ Ստեփանակերտի մէջ Հոկտեմբերին մահացած Վերա Աղասեանի մարմինը վերցնելու համար: Ըստ Ատրպէյճանի ռազմագերիներու, պատանդներու եւ անհետ կորսուած քաղաքացիներու գծով պետական յանձնաժողովի տարածած յայտարարութեան` «եթէ մինչեւ եկող տարուան Յունուարի վերջը հայկական կողմը չվերցնէ Վերա Աղասեանի դին, զայն պիտի թաղեն Ատրպէյճանի տարածքին մէջ»:
70ամեայ կինը Արցախի հայաթափումէն ետք Ստեփանակերտի մէջ մնացած փոքրաթիւ հայերէն մէկն էր: Անոր մահէն ետք ընտանիքը դիմած էր Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէին՝ մարմինը տեղափոխելու խնդրանքով: Սակայն, անոր դիին տեղափոխութիւնը չէր իրականացած։