Վարչապետի հրաժարականի պահանջով գարնան պայքարի ելած «Սրբազան պայքար»ի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան 27 Դեկտեմբերին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ներողութիւն խնդրեց իր աջակիցներէն` Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին չհասնելուն համար։ «Ես, այո՛, չեմ ամաչել եւ չեմ ամաչում` ներողութիւն ասելու ե՛ւ արածների, ե՛ւ, թոյլ տուէք ասել, չարածների համար», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Զանազան անյաջողութիւնների եւ վերջնարդիւնքին չհասնելու պատասխանատուութիւնն ամբողջութեամբ իմն է, իսկ յաջողութիւնն ու յաղթանակը` իմ համբուրելի ժողովրդինը»։
Ան շեշտեց, որ այս իշխանութիւնը ոչ միայն յանցաւոր կերպով կը յանձնէ մեր պետութիւնը եւ պետականութիւնը, այլ նաեւ աւելի սարսափելին՝ կը ձգտի փոխել մեր հայրենիքի բովանդակութիւնը, ինքնութիւնե եւ արժէքները` գողնալով ու ուրանալով մեր խորհրդանիշները, մեր երազները եւ իղձերը, մեր պատիւն ու կենսագրութիւնը:
Բագրատ սրբազանը, որ պայքարի սկսաւ Տաւուշի հատուածէն՝ Ատրպէյճանի պարտադրած սահմանազատումը թոյլ չտալու համար, աւելի ուշ գլխաւոր օրակարգ ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանը հեռացնելը: Նախորդ ամիսներուն Բագրատ սրբազանը քանի մը անգամ յայտարարեց, թէ վարչապետը հեռացնելու վճռական փուլ կը մտնեն: Նոյնը կրկնեց 27 Դեկտեմբերին՝ դիտել տալով, թէ յաջորդ տարի պիտի հասնին իրենց նպատակին:
«Մենք այս անգամ սխալուելու իրաւունք չունենք պարզապէս։ Կը գայ այն ժամին, ամէն Աստծոյ օր ինչպէս ասել եմ, այն ժամանակ, երբ մենք կը յայտարարենք հրապարակ դուրս գալու մասին, հրապարակնե՛ր դուրս գալու մասին, ուրեմն ամէն ինչ վերջացած պիտի լինի: Այն պահին, երբ դուրս եկանք փողոց ու ձեզ հանդիպեցինք փողոցում, այդ ժամանակ ուրեմն իմացէք, որ ամէն ինչ վերջանալու է», շեշտեց Բագրատ սրբազանը:
Ան հիասթափած է իրեն աջակցած քաղաքական ուժերէն: Առանց անուններ տալու՝ ան յայտնեց, թէ չափէն աւելի վստահած է անոնց՝ իր սխալներէն մէկն ալ այդ մօտեցումը նկատելով։
«Մեր հիմնական խնդիրը եղել է կազմակերպչական, եղել է ժամանակը չունենալ այդ լայն կազմակերպչական աշխատանքը կատարելու, եւ հիմնական խնդիրը եղել է նաեւ որոշակի վստահութիւնը, որ մենք ունեցել ենք այս կամ այն պատասխանատուների նկատմամբ, որոնք ի վերջոյ ինչ-որ ձեւով չեն իրականացուել: Դրանց մէջ կան քաղաքական ուժեր, կան ոչ քաղաքական ուժեր: Ես շատ բան չեմ կարող այս մասին ասել, անկեղծօրէն չեմ կարող, իմ բարոյականութիւնը թոյլ չի տալիս խօսել դրա մասին»շ ըսաւ Բագրատ սրբազան՝ աւելցնելով. «Մենք կռուի մէջ ենք, մարտավարութիւն ունենք, տարբեր ռազմավարութիւններ ունենք, մի օր մէկը կը ձախողուի, մէկը չի ձախողուի: Եւ մենք էդ բոլորից ի վերջոյ գնահատելով ընտրութիւն ենք կատարում, թէ ինչ ճանապարհով ենք գնալու առաջ: Սա անտեղետալի երկարատեւ կռիւ է ուղղակի»։
Ան կրկնեց՝ իր առաջնորդած պայքարը չակնկալիքներու մասին է, «հետեւաբար, վերջին վերջակէտ կ՛ունենայ միայն յաղթանակի դէպքում»։
«Ես ոչ մէկ մօտ կեղծ ակնկալիք ձեւաւորելու ոչ ցանկութիւն եւ ոչ էլ պատրաստակամութիւն ունեմ: Ես ինքս ինձ համար եմ ձեւակերպել, ձեւաւորել ակնկալիքները եւ այդպիսով էլ դուրս եմ եկել փողոց», դիտել տուաւ սրբազանը՝ շեշտելով, որ ներկայիս՝ «անելիքների մշակման փուլում են», ըսաւ սրբազանը՝ անգամ մը եւս յիշեցնելով, որ իրենց պայքարին էութիւնը հոգեւոր-բարոյական է, նկարագիրը` ազգային, իսկ լուծումները` քաղաքական: