
31 Օգոստոս 2001ին, հայ ոստիկան մը՝ Ճէյք Յակոբ Քիւրէճեան, Սանթա Քլարիթայի մէջ զոհ գնաց ոճրային արարքի մը, երբ գործակիցներու հետ առաքուած էր հետապնդելու աւազակ մը: Ան 40 տարեկան էր:
Լոս Անճելըսի եւ յատկապէս Սանթա Քլարիթայի ոստիկանութիւնը ամէն տարի յատուկ արարողութեամբ մը կը յարգէ Ճէյք Յակոբի յիշատակը: Անոր յիշատակին ձօնուած են Սանթա Քլարիթայի մէջ հանրային զբօսավայր մը, փողոց մը, իր անունով կը կոչուին ոստիկաններու շրջանաւարտ դասարաններ եւ այլ մրցանակներ: Ան կը յիշուի նաեւ Մալիպուի մէջ, իր հերոսական արարքին համար (կեանք մը փրկած էր):
Այս տարի, Սանթա Քլարիթայի ոստիկանութեան գրասենեակը (Sherriff Department) որոշած է դարձեալ յատուկ արարողութեամբ մը ոգեկոչել իր նահատակ ոստիկանին յիշատակը, եւ այս առիթով, թիւ 5 ազատուղիին վրայ հատուած մը պիտի կոչուի Քիւրէճեանի անուով եւ անոր վրայ պիտի հաստատուի անոր անունով ցուցատախտակ մը: Արարողութիւնը նախատեսուած է Չորեքշաբթի, 8 Յունուարին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Սանթա Քլարիթա քաղաքի Փօ եւ ՄըքՊին (Poe/McBean-Stevenson Ranch Prkw) փողոցներու խաչմերուկին վրայ, յիշեալ զբօսավայրին մօտ:
Հանրութիւնը կրնայ ներկայ ըլլալ արարողութեան: