Օրըստօրէ կը ծաւալին Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին կատարուող զէնքի մատակարարումները, որոնք 2020էն ի վեր հասած են իրենց մրցանշային մակարդակին։
Այդ մատակարարումները կը ներառեն անօդաչու թռչող սարքեր, հրթիռներ եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր: Քանի մը տարիէ ի վեր Իսրայէլ դարձած է Ատրպէյճանի սպառազինութեան գլխաւոր մատակարարը՝ ցուցաբերելով մնայուն յանձնառութիւն, նոյնիսկ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ ընթացող պատերազմի ժամանակաշրջանին:
Զուգահեռաբար կ՛աշխուժանայ նաեւ Ատրպէյճանի յարձակողական հռետորաբանութիւնը Հայաստանի նկատմամբ, մինչ վերջինս կրնայ թիրախ դառնալ Իրանի դէմ գործողութեան մը պարագային՝ Սուրիոյ մէջ Ասատի վարչակարգի փլուզումով ստեղծուած աշխարհաքաղաքական համածիրին մէջ։