Ամերիկեան Global Firepower վերլուծական ընկերութիւնը հրապարակած է զեկոյց մը, որուն մէջ արձանագրուած են աշխարհի ամէնէն զօրաւոր բանակ ունեցող երկիրներու անունները:
Զեկոյցը նկատի ունեցած է երկիրներու ռազմական ներուժը հետեւեալ չափանիշերով՝ ռազմական ուժեր, զինուորներու թիւ, ռազմական ամավարկ, օդուժի եւ ծովուժի ծաւալները, փոխադրական կարելիութիւնները, արհեստագիտական յառաջդիմութիւնը եւ շուրջ վեց տասնեակ այլ չափանիշներ:
Ամերիկա կը գրաւէ ամէնէն զօրաւոր բանակ ունեցող երկիրներու ցանկին առաջին տեղը, որուն կը յաջորդեն Ռուսիա եւ Չինաստան: Թուրքիա կը գրաւէ 9րդ դիրքը։
Նշենք, թէ զեկոյցին մէջ տեղ գտած են նաեւ Իրան, Յունաստան եւ Հայաստան, որոնք կը գրաւեն յաջորդաբար 16րդ, 30րդ եւ 91րդ դիրքերը: