Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարը 15 Յունուարին տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարեց, որ տարածաշրջանին մէջ մագլցումի հիմքեր չի տեսներ, հակառակ Ատրպէյճանի նախագահին, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»ի բացման վերաբերեալ սպառնալից յայտարարութիւններուն:
Պապիկեան բացատրեց, թէ իւրաքանչիւր հարցի համար Հայաստան առաջարկներ եւ լուծումներ ունի, սակայն ան մանրամասնութիւններ չտուաւ:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը հանդէս է գալիս տարածաշրջանային խաղաղութիւն հաստատելու նարատիւով (պատումով), ու այդ նարատիւները բաւականին հիմնաւոր են եւ առաջարկները բաւականին հիմնաւոր են, ու ես չեմ կարծում, որ կայ հիմք որեւէ կերպ էսկալացնել տարածաշրջանը», ըսաւ Պապիկեան:
Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու լարուածութեան լոյսին տակ, Պապիկեան արդարացուած նկատեց Հայաստանի` ՀԱՊԿի անդամակցութեան սառեցումը: Ըստ անոր` այնքան ատեն որ ռազմական դաշինքի գործընկերները չեն փոխած իրենց վերաբերմունքը եւ դիրքորոշումը, Երեւանի արձագանգը օրինական է եւ կը բխի Հայաստանի շահերէն:
Միւս կողմէ, ըստ Պապիկեանի, Երեւան շահագրգռուած է, որ Մոսկուայի հետ իր գործակցութիւնը պահէ բարձր մակարդակի վրայ:
«Երբ մենք խօսում ենք ՀԱՊԿի մասին, երբ փորձում ենք խօսել 22 թուականի իրադարձութիւնների մասին ու միանգամից տեղափոխուել 25 թուական ու ասել` ամէն ինչ շատ լաւ է, մենք հարցեր ունենք, որոնք օբյեկտիւ (առարկայական) են: Կարծում եմ` այդ օբյեկտիւ հարցերը պիտի առողջ քննարկումների արդիւնքում իրենց պատասխանները ստանան», ընդգծեց Պապիկեան, որ անդրադարձաւ նաեւ 14 Յունուարին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուած Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողովի կանոնադրութեան: Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ Երեւան եւ Ուաշինկթըն մտադիր են ընդլայնելու իրենց պաշտպանական եւ ապահովական համագործակցութեան ծրագիրներուն ծաւալը, եւ մասնաւորապէս կը շեշտուի, որ պաշտպանական խորհրդակցութիւններու, ռազմական մասնագիտական ուսուցման միջոցով զինուած ուժերուն ամերիկեան կողմի աջակցութեան մասին:
Ըստ Պապիկեանի՝ այդ փաստաթուղթին ստորագրութեամբ ռազմական ոլորտին մէջ նոր բան տեղի չունեցաւ: «Սա հիմք է, որպէսզի դրանք աւելի խորանան ու դառնան ինստիտուցիոնալ (կառուցային), աւելի խորքային ու համակարգային, դա միայն կարող եմ ասել: Մենք, այո՛, այդ հնարաւորութիւնը պատրաստւում ենք օգտագործել», յայտնեց Պապիկեան։
Ան հերքեց, որ ստորագրուած փաստաթուղթը կ՛ենթադրէ սպառազինութեան վաճառք Հայաստանին: Պապիկեան շուրջ 2 ժամ տեւած իր ասուլիսին ընթացքին խուսափեցաւ խօսելէ Հայաստանի կողմէ ռազմական ձեռքբերումներուն մասին, բայց ան յայտարարեց, թէ 2024ը զինուժի զարգացման համար բարենպաստ տարի էր. ձեռքբերում նկատեց նախորդ տարի ստեղծուած Անօդաչու թռչող սարքերու վարչութիւնը, որ, ըստ անոր, հետագային պիտի ղեկավարէ Անօդաչու թռչող սարքերու զօրքերը:
Պապիկեան նաեւ խօսեցաւ բանակին մէջ ոչ մարտական պայմաններու մէջ զինուորներու մահուան դէպքերուն մասին: «Պատասխանատուութիւնը կայանում է նրանում եւ բացը, որ զինուած ուժերում առկայ խնդիրները չենք կարողացել հասցնել այն մակարդակին, որ պրոբլեմները (հարցերը) դառնան զրոյական: Սա, ի հարկէ, երկար խօսակցութիւն է ու, ցաւօք, միայն զինուած ուժերի խնդիրը չէ: Այն ունի ակունքներ ու պատճառահետեւանքային շղթայ է», ըսաւ Պապիկեան: Ան մարտահրաւէր նկատեց բանակին մէջ անձնասպանութեան, անձնասպանութեան հասցնելու եւ սպանութեան դէպքերը:
Նշենք, որ 2024ին, ըստ իրաւապաշտպաններուն, խաղաղ պայմաններու մէջ 36 զինուորներ մահացած են: