Ժամանակներու փոփոխութեան հետ կը փոխուին դրութիւններ, անհատներ, կազմակերպութիւններ, կուսակցութիւններ, որոնք ստիպողաբար պէտք է ընթանան նոր ժամանակներու ընձեռած նոր պայմաններու հետ։
Հարկ է փոխել ռազմավարութիւններ՝ զանոնք յարմարցնելով նոր օրերու փոփոխութեանց։ Եւ չենք սխալիր ըսելով, որ անհրաժեշտութիւն է տեսակ մը ապագայի տեսլական ունենալ՝ ծրագրելու համար նոր գործելակերպ, երկիրներու կամ քաղաքական կուսակցութիւններու համար։
Այսօր, շահերու եւ տնտեսական շահամոլութեան աշխարհի մը մէջ, գաղափարախօսութիւնները կամաց-կամաց, երբեմն ալ շրջադարձային կերպով կորսնցուցած են իրենց նախկին գրաւչութիւնը, խորհրդաւորութիւնը, հմայքը, իսկ գաղափարապաշտները տեղ չունին շահերով տարուած ընկերութեան մը ծոցին մէջ։
Դրամի երկրպագութեան, սեւ քարիւղի դարաշրջանն է այս՝ բոլոր ասպարէզներու մէջ, եւ այս քաղաքականութեան լաւագոյն դրօշակիրն է Միացեալ Նահանգները…, որու աջակողմեան գաղափարախօսութիւնը ձախողեցաւ Լատին Ամերիկայի մէջ, այնպէս ինչպէս 1990ական թուականներուն տեղի ունեցաւ փլուզումը Խորհրդային Միութեան «ձախակողմեան» գաղափարախօսութեան։
Լատին Ամերիկան, իր դէպի ձախ թեքուող կառավարութիւններով, իրականութեան մէջ միայն նորազատական տնտեսութիւն կը կիրառէ, եւ հարուստները կը շարունակեն իրենց սլացքը դէպի վեր՝ դիզելով աւելի հարստութիւն, իսկ չքաւորներու վիճակը կը մնայ նոյնը։ Անշուշտ յարգելի են բացառութիւնները։
Ինչ կը վերաբերի Լատին Ամերիկայի, պէտք է անդրադառնալ իրողութեան մը, զոր իբրեւ Հայ Դատ հետապնդող անհատներ՝ չենք կրնար զանց ընել եւ անտեսել։
Ուրուկուէյը՝ Լատին Ամերիկայի այս փոքրիկ երկիրը, մասնաւորապէս կառավարութիւնը, ամենայն յարատեւութեամբ, աւելի ճիշդ, նախանձելի յարատեւութեամբ, պայքարի լծուած է վերջ դնելու ԱՆՊԱՏԺԵԼԻՈՒԹԵԱՆ։
Ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, եօթանասունական թուականներուն Ուրուկուէյ, Արժանթին, Չիլի, Պրազիլ, Փարակուէյ ապրեցան սարսափի տարիներ՝ զինուորական բռնատիրութեան ներքոյ, եւ այդ տարիներու ընթացքին եղան անյայտացումներ, սպաննուածներ, խոշտանգուածներ… ահաբեկչութիւն… բառին ամէնէն ամբողջական իմաստով։
Պարզ մարդ անհատը, պարզ ժողովուրդը տունէն կ’ելլէր եւ չէր գիտեր, թէ պիտի վերադառնա՞ր։ Որքա՜ն դրուագներ կրնանք պատմել մենք՝ հայերս, մեր ապրածներէն. որքա՜ն կեանքեր խորտակուեցան, որքա՜ն տանջանք, մենք, պարզ ժողովուրդ, ճողոպրած թուրքի ճիրաններէն, եկանք այս ափերը, ուր հանդիպեցանք տարբեր տեսակի թուրքերու՝ Ուրուկուէյի, Արժանթինի, Չիլիի, Պրազիլի, Փարակուէյի զինուորականներու, որոնք իրենց ժողովուրդին ըրին այն, ինչ որ թուրքը ըրաւ հայ ժողովուրդին։
Չեմ ուզեր անդրադառնալ այդ համատարած սարսափի օրերուն։
Նպատակս է անդրադառնալ Ուրուկուէյի ներկայի կառավարութեան, որուն ներբող չեմ հիւսեր, սակայն դաշնակցական մարդու իմ ամբողջ զգացումովս, քանի որ կը պատկանիմ այս կուսակցութեան, որ հիմնուած է արդարութեան սկզբունքներու վրայ, բարոյական սկզբունքներու վրայ, չեմ կրնար իմ անհուն արդարադատութեան զգացումս չյայտնել հանդէպ այս անպատժելիութեան վերջ դնող կառավարութեան, նոյնիսկ եթէ անոր գաղափարակիցը չըլլայի, դատի տանելով երէկ անպատժելի կարծուածները, որոնց երեսներու քողը այսօր վար կ՚առնուի։
Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ջահակիրը եղած է անպատժելիութեան դէմ պայքարին, իսկ անոր կանոնագիրը կ՚ըսէ այսպէս. «Հ.Յ. Դաշնակցութեան անդամ կրնայ ըլլալ բարոյական նկարագրի տէր եւ » բարոյականի տէր անհատ։
1890էն ետք տարիներ թաւալեցան՝ 19րդ դար, 20րդ դար, 21րդ դար։ Այս ժամանակաշրջանին մարդկութիւնը անցաւ երկու համաշխարհային պատերազմներէ ու մինչ այսօր, ինչպէս կ՚ըսէ Ալվին Թոֆլէր, պատերազմը կը շարունակուի՝ Վիեթնամ, Ափրիկէ, Միջին Արեւելք, Ասիա, Պալքաններ, ցեղասպանութիւններ՝ … Տարֆուր։
Տարֆուր… Ափրիկէ… կը տեսնես հեռատեսիլի, համացանցի միջոցով թշուառներու սարսափելի վիճակը, իրարու դէմ զինուած խումբերը, բայց լուծումներու փոխարէն՝ ողորմութիւն կը մատուցուի իրենց՝ անոնց կողմէ, որոնք պատճառ դարձած են այդ կացութեան ստեղծումին, քանի որ իրենց շահամոլ թաթերը դրած են Ափրիկէի հարստութեանց՝ Ափրիկէի սրտին վրայ։
Անպատժելիութիւնը կը ստեղծէ այն զգացումը, թէ ամէն ինչ կարելի է, ամէն ինչ թոյլատրելի է։
Դարեր անցան, կացութիւնները փոխուեցան եւ պիտի փոխուին, կուսակցութիւններ հիմնուեցան եւ քանդուեցան, յատկանշական է սակայն, որ ըլլալով մեծ թիւով կուսակցութիւններու երկիր՝ Հայաստանի մէջ կայ մէկը, որ կը զանազանուի միւսերէն՝ իր որդեգրած սկզբունքներով, անպատժելիութեան վերջ դնելու իր ձգտումով։
Նոր օրերու հետ կը փոխուին եւ կ’այժմէականանան կուսակցութիւնները՝ նոր ռազմավարութիւններով, ապագայի նոր տեսլականներով, բայց կայ մէկ հանգամանք, որ թէկուզ պատեհապաշտներ մուտք գործեն կազմակերպութեան մէջ, միշտ գոյութիւն պիտի ունենան այդ «բարոյականի տէր անհատները», որոնք վերջ պիտի դնեն անպատժելիութեան, ինչպէս կ’ընէ այսօր Ուրուկուէյի կառավարութիւնը՝ դատի տանելով սարսափի օրերու պատասխանատուները։ Օրինակ մը, որուն պէտք է հետեւիլ։ Յիշատակը վառ պահել՝ կը նշանակէ չմոռնալ մեր դատը, որ չի վերջանար միայն Ցեղասպանութեան ճանաչումով։