«Հակառակ անոր որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան խաղաղութեան պայմանագիրին մէջ բարձր արդիւնքներու հասած եւ յառաջընթաց արձանագրուած է սահմաններու սահմանազատման գործընթացին մէջ՝ Հայաստանի մէջ վրէժխնդրական միտումներու առկայութիւնը, այդ պետութեան կողմէ ռազմատենչ քաղաքականութեան իրականացումը եւ Սահմանադրութեան մէջ Ատրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու պահպանումը մեր մօտ լուրջ կասկածներ կը յառաջացնեն», յայտարարեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով, որ այս յայտարարութիւնը կատարեց վրացի իր պաշտօնակից Մաքա Պոչորիշվիլիի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
Պոչորիշվիլի Պաքուի մէջ վերահաստատեց, որ Թիֆլիս դրացիներուն հետ յարաբերութիւնները կարեւոր կը նկատէ: «Մենք ռազմավարական գործընկերութիւն ունինք Հայաստանի հետ, ինչ որ շատ կարեւոր է: Անհրաժեշտութեան պարագային Վրաստան գործի պիտի դնէ իր ամբողջ ներուժը, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան ձեռքբերման համար», յայտնեց Պոչորիշվիլի:
Պայրամով նաեւ յայտնեց, որ Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան գործունէութեան շարունակութեան անհրաժեշտութիւն չկայ այլեւս:
Ան նշեց, որ Ատրպէյճանի կողմէ Սեպտեմբեր 2023ին, Արցախի մէջ իրականացուած ռազմական գործողութիւններէն ետք, Միացեալ Նահանգները ձեռնարկած է «միջազգային իրաւունքին հետ անհամատեղելի քայլերու», իսկ 907րդ յօդուածի կասեցումը, որ նախապէս երկար տարիներ գործած էր, այս անգամ չեղարկուած է: Պայրամով յիշեցուց, որ Միացեալ Նահանգներու ՄԶԳ գործունէութիւնը Ատրպէյճանի մէջ կ՛իրականացուի 2000էն վեր գործող շրջանակային փաստաթուղթի հիման վրայ: Սակայն, ըստ Պայրամովի, վերլուծութիւնը ցոյց տուած է, որ այդ գործունէութիւնը չի ծառայեր Ատրպէյճանի շահերուն, այլ աւելի շատ կը գործադրէ Միացեալ Նահանգներու օրակարգը: «Այս տարուան ընթացքին մենք բազմիցս տեղեկացուցած են Միացեալ Նահանգները, որ պայմանագիրի երկարաձգումը պէտք է քննարկուի նոր պայմաններով: Սակայն Միացեալ Նահանգները փորձած է թելադրել իր պայմանները՝ նկատի ունենալով Ատրպէյճանի շահերը: Այդ պատճառով որոշում տրուեցաւ համաձայնագիրը այլեւս չերկարաձգել», յայտնեց Պայրամով: Ան նաեւ յայտարարեց, որ համաձայնագիրին ժամկէտը աւարտած է Փետրուար 2024ին, իսկ այդ ժամանակաշրջանին Միացեալ Նահանգներէն ստացուած առաջարկները չեն համապատասխանած Ատրպէյճանի շահերուն: