«Բռնագրաւուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ներկայացուցիչներուն դէմ Ատրպէյճանի շինծու մեղադրանքները կը կոծկեն Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին, որոնց կարգին բանտարկեալներուն դէմ կատարուած յանցագործութիւնները», «Էքս»ի իր էջին վրայ հրապարակած տեսանիւթին մէջ կ՛ըսէ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ, որ նաեւ կը յիշեցնէ, թէ 17 Յունուարին, Պաքուի մէջ պիտի սկսին հայ պատանդներուն քրէական դատավարութիւնները:
«Ստալինը մեռած է, բայց Ալիեւ կը սորվի անկէ՝ ցուցադրական դատավարութիւնները օգտագործել իր թշնամիներուն վրայ յարձակելու համար. այսօր այդ կը կատարուի Ատրպէյճանի մէջ», կ՛ըսէ Օքամփօ՝ գործածելով #FreeArmenianHostages հեշթեքը: