Յունուար 2ին քարիւղի տակառին գինը միջազգային շուկային վրայ անցաւ 100 ամերիկեան տոլարը։ Պատմականօրէն այս երկրորդ անգամն է, որ «սեւ ոսկի»ն կ՚անցնի հոգեբանական այդ սահմանը։ Առաջինը 1979ին էր, Իրանի իսլամական յեղափոխութենէն անմիջապէս ետք, երբ իրադարձութեան արմատականութիւնը եւ անոր մարտահրաւէրը միջազգային համակարգին յանգեցան այդ համակարգի անմիջական փոփոխութեան անխուսափելիութեան ենթադրութեան եւ խուճապ առաջացուցին։ Մտավախութիւնը տեղին էր. իսլամական յեղափոխութիւնը չվարանեցաւ խախտել միջազգային քաղաքականութեան լուռ կարգուկանոնը երբ ուսանողներ գրաւեցին ԱՄՆի դեսպանատունը եւ անձնակազմը պատանդ պահեցին աւելի քան տարի մը՝ ծաղրի ենթարկելով աշխարհի գերհզօր պետութիւնը։ Եթէ Իրան որոշէ փակել Հորմուզի անցքը, քարիւղի միջազգային առեւտուրը կտրուկ կը նուազի 23 տոկոսով։
Բայց, հակառակ Իրան-Իրաք պատերազմին, ութսունական եւ իննիսունական թուականներուն քարիւղին գինը աննախընթաց անկում կրեց՝ ցնցելով Ալճերիոյ եւ Վենեզուէլայի նման երկիրներ, որոնց քաղաքական համակարգը խոր ցնցումի եւ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ։ Վերջին հաշուով, հակառակ իր արմատականութեան, Իրանի իսլամական յեղափոխութիւնը այնքան չազդեց երկրի տնտեսութեան պատասխանատուներու բանականութեան վրայ այնպէս ինչպէս բանականութիւնը կը հասկցուի պետական շահերու հետապնդման տեսանկիւնէն։ Անցեալ դարեվերջի քարիւղի տակառի գինին կտրուկ անկումը ընդհանրապէս բացատրուեցաւ ազատ շուկայի համաշխարհայնացման գործընթացի տրամաբանութեամբ, որուն համաձայն միջազգային տնտեսութեան շարժակը այլեւս ֆինանսներն ու հաղորդակցութիւններու արհեստագիտութիւնն էին։
2003ին Իրաքի ամերիկեան ներխուժումէն եւ գրաւումէն ետք, քարիւղի տակառին միջազգային գինը աւելցած է 317 տոկոսով իննիսունական թուականներու բաղդատած։ Աւելի՛ն, միջազգային սակարաններուն մէջ, քարիւղի արժէքը խիստ զգայուն եղած է քաղաքական վերիվայրումներուն, զգայնութիւն մը որ շրջանցուած էր նոյնիսկ Իրան-Իրաք պատերազմի օրերուն։ Հետեւաբար, Միջին Արեւելքի պայթունավտանգ կացութիւնը, եւ, մասնաւորաբար տակառի գինի այս վերջին յաւելումին առնչակից, Պենազիր Պութոյի սպանութիւնն ու Փաքիստանի մէջ լայնամասշտապ տագնապի մը, իմա՝ քաղաքացիական պատերազմի, հաւանականութիւնը կրնան համարուիլ հիմնական պատճառները 100 տոլարի սահմանազանցումին։ Ի դէպ, որքան ալ որ Պուշի վարչակարգը ժխտէ, կասկած չկայ որ քարիւղը Իրաքի «ազատագրում»ի գլխաւոր դրդապատճառներէն էր, թէեւ ոչ միակը։
Տրամաբանականօրէն, հետեւաբար, այսպէս կոչուած Մեծն Միջին Արեւելքի (Ափրիկէի հիւսիսէն միչեւ Աֆղանիստան աշխարհաքաղաքական տարածաշրջանը) կայունացումը իր դրական ազդեցութիւնը պիտի ունենայ նաեւ ուժանիւթի միջազգային գինին վրայ։ Կը մնայ, որ քարիւղի գինին աճը, առաւել կամ նուազ կշռոյթով եւ քաղաքական կացութեան թելադրած բոլոր վերիվայրումներով, անյետադարձ իրողութիւն է կառուցային երկու հիմնական պատճառներով – հասկնալիօրէն, անշուշտ, եթէ մինչ այդ այն փոխարինող այլ ուժանիւթ զանգուածային սպառումի մասշտապով արտադրուելու չսկսի։ Այդ կառուցային պատճառներէն առաջինը հում քարիւղի պահեստներու սակաւացումն է, իսկ երկրորդը՝ արագօրէն զարգացող երկիրներու, իմա՛՝ Հնդկաստան եւ Չինաստան, պահանջարկի ազդակը։
Արդարեւ, 1950ական թուականներուն իսկ Մ. Քինկ Հիուպըրթ եւ իր գործակիցները առաջացուցած էին «քարիւղի գագաթնակէտ»ի տեսութիւնը, որ 2001էն ի վեր վերարժեւորուած եւ լայն շրջագայումի դրուած է միջազգային վերլուծաբաններու կողմէ։ Ըստ այդ տեսութեան, քարիւղի արտադրութիւնը պիտի աւելնար մինչեւ որ համաշխարհային ծանօթ պահեստներու կէսը սպառէր։ Այդ կէտին, քարիւղի արտադրութիւնը պիտի մնար նոյն մակարդակին որոշ ժամանակի մը համար, ապա անխուսափելիօրէն պիտի սկսէր անոր նուազումը։ Դիտորդներու համաձայն, «քարիւղի գագաթնակէտ»ի հանգրուանը արդէն հասած է։ Ուրիշներ, ներառեալ ԱՄՆի ուժանիւթի քարտուղարութեան 2004ի մէկ տեղեկագիրը, քարիւղի արտադրութեան այդ հանգրուանը պիտի հասնի հազիւ 21րդ դարու կէսերուն։ Ամբողջ տարբերութիւնը, ինչպէս ուժանիւթի եւ անվտանգութեան հարցերով մասնագէտ Մայքըլ Քլէյր կը հաստատէ, կը կայանայ պահեստներու հաշուարկման մեթոտին մէջ։ Եթէ նկատի ունենանք համաշխարհային պահեստները իրենց ընդհանրութեան մէջ, ապա եւ «քարիւղի գագաթնակէտը», այո, դեռեւս յիսուն տարիէն հասնի։ Սակայն, եթէ տարբերենք այսպէս դիւրին արտահանման քարիւղը աւելի դժուար արտահանման քարիւղի պահեստներէն, ապա եւ այդ «դիւրին» քարիւղի պահեստները արդէն կտրուկ նուազած են։ Բոլոր այն պահեստները որոնք կրնան քարիւղի բարձր պահանջարկը բաւարարել, կամ ծովուն բացերն են կամ ալ հողին տակ աւելի խորը քան ցարդ արտահանուող քարիւղը։ Ինչ որ, բնականաբար, աւելի ներդրումներու կը կարօտի անխուսափելիօրէն աւելցնելով քարիւղին գինը։
Այս իրողութեան վրայ կ՚աւելնայ կառուցային երկրորդ պատճառը, որ Հնդկաստանի ու Չինաստանի աճող պահանջարկն է, որուն կշռոյթը, ըստ տնտեսական հաշուարկումներու, աւելի արագ է քան նոր պահեստներու յայտնաբերման ու արտահանման նախաձեռնութիւնները։ Այսպէս, եթէ համաշխարհային տնտեսութիւնը եկող հինգ տարիներուն արձանագրէ միջին հաշուով 4.5 տոկոսի աճ, քարիւղի պահանջարկը պիտի աւելնայ 2.2 տոկոսով, իսկ 2007ին արձանագրուած օրական 86.1 միլիոն տակառը 2012ին պիտի հասնի 95.8 միլիոնի։ Մինչեւ այդ թուականը, քարիւղի արտահանումը կրնայ բաւարարել պահանջարկը եթէ յատկապէս քաղաքական կայունութիւն ըլլայ։ Ոչ այդ թուականէն ետք։
Քարիւղի գինին յաւելումը, հետեւաբար, պիտի ունենայ աշխարհաքաղաքական լուրջ անդրադարձներ որոնք կրնան մինչեւ իսկ համաշխարհայնացման գործընթացի ներկայ ուղղութիւնն ու տրամաբանութիւնը կտրուկ փոփոխութեան ենթարկել երկու իմաստով. նախ բնական հարստութիւնները վերադարձնելով քաղաքական մրցադաշտ, երկրորդ պետութեան դերը վերարժեւորելով։ Այլ խօսքով, եթէ մինչեւ այսօր համաշխարհայնացման գործընթացի գլխաւոր շահողները Հիւսիսի զարգացած երկիրներն էին, այսօր շահողները կարծես թէ Հարաւի ցարդ զարգացման ընթացքի մէջ գտնուող երկիրներն են։
Ի զուր չէ որ ազատականութեան կուրուները նոր թափով ասպարէզ իջած են պետական նախաձեռնութիւններուն դէմ։ «Իքոնոմիսթ», օրինակի համար, քարիւղի գինի յաւելումը չի մեկնաբաներ պահեստներու նուազումի իրողութեամբ, այլ՝ կը գանգատի որ Վենեզուելայի, Իրանի եւ Ռուսիոյ նման երկիրներ թոյլ չեն տար որ բազմազգեան առանձին ձեռնարկութիւններ, ինչպիսին են «Էքսոն Մոպիլ»ն ու «Ռոյալ Տաչ Շելը», ազատօրէն շահագործեն քարիւղի արտահանման ու առեւտրականացման նոր առիթները։ Բրիտանական շաբաթաթերթը, հետեւաբար, մատնացոյց կ՚ընէ ազգայնականութիւնը որպէս ամենայն չարեաց արմատ։ Բնականաբար, նաեւ լուռ կ՚անցնի այն իրողութեան վրայ, որ այս բազմազգեան ձեռնարկութիւններուն համար օրակարգի հարց չէ բնաւ երբեք թէ ո՛վ է որ ամենէն աւելի պիտի օգտուի քարիւղի բարիքներէն, եւ հասարակութեան ո՛ր խաւերն են որ ամենէն աւելի պիտի տուժեն, ի մասնաւորի այն հասարակութիւններուն որոնք կ՚ապրին քարիւղով հարուստ երկիրներու մէջ եւ, ի բացառեալ շատ ստուար խաւէ մը, ընդհանրապէս դատապարտուած են մնալու սպառողական շուկայի լուսանցքին: Կայ, անշուշտ, այլ տրամաբանութիւն մը, որուն համաձայն քարիւղով հարուստ երկիրներու պետութիւնները, գիտակից իրենց գերիշխանութեան, քաջ կ՚անդրադառնան որ քարիւղի գինի աճը պիտի պահպանուի եկող տասնամեակներուն հետեւաբար պատճառ չեն տեսներ իրենց ձեռքերուն մէջ պահելու քարիւղի, եւ այլ բնական հարստութիւններու, շահագործման հոլովոյթը։ Վերջին հաշուով, ի՞նչ շահեցան այն երկիրներն ու ժողովուրդները, որոնք իննիսունական թուականներուն ազատականացուցին իրենց տնտեսութիւնը, սեփականաշնորհեցին բնական հարստութիւնները հետեւելով ազատ շուկայական տոկմային միայն եւ ոչ թէ ազատականացման ու սեփականաշնորհման պայմանային բանականութեան, եթէ ոչ սոցիալական սուր բեւեռացում եւ քաղաքական տագնապ։
Անշուշտ, որ պետութեան միջամտութիւնը անպայմանօրէն արդարութեան չի յանգիր։ Վերջին հաշուով, պետական մենաշնորհները ամենէն աւելի փտածութեան առիթ կու տան։ Աւելի՛ն, Ռուսիոյ օրինակով պետական միջամտութիւնները կու գան ցոյց տալու թէ նոյնինքն պետութիւնը կրնայ ընկերային բեւեռացման գլխաւոր ազդակ ըլլալ։ Ամէն ինչ, հետեւաբար, կախում ունի պետութեան եւ իր քաղաքացիներու միջեւ ընկերային պայմանագրութենէն։ Նաեւ՝ այդ պայմանագրութեան յարգանքի նախանձախնդրութեան զգաստ ու զօրաշարժի ատակ հասարակութենէ մը։
(*) Խ. Տէր Ղուկասեան քաղաքական գիտութեանց դասախօս է Պուէնոս Այրէսի մէջ եւ ծանօթ հրապարակագիր: