
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Սիրելի Զաւէն,
9 Օգոստոս 2024ի մահովդ սուգի մատնեցիր ոչ միայն ընտանիքիդ անդամներն ու հարազատներդ, այլեւ՝ բովանդակ հայութիւնը, Սփիւռքի մէջ թէ հայրենիքի։ Ափսո՜ս, դեռ ընելիք շա՜տ ունէիր, բայց դժբախտաբար ակամայ հեռացար մեզմէ…
Տարաբախտ այդ օրէն ի վեր, շատ մը նորութիւններ տեղի ունեցան քաղաքական աշխարհին մէջ, զորս կ՛ուզեմ բաժնել քեզի հետ եւ թերեւս վերահասու կը դառնամ քու վերլուծումներուդ։
Ա․ 17-20 Հոկտեմբեր, 2024ին՝ տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան 105րդ տարեկան համագումարը, Մոնթրէալի մէջ։ Հոն՝ յետ մահու, քեզ պատուեցին ազնուափայլ տիկնոջդ՝ Սոնային ներկայութեան։ Ընկերակցութեան Կեդրոնական վարչութիւնը իր 7 Դեկտեմբերի նիստին, իրաւաբան Կերի Ֆիլիփսը ընտրեց որպէս նախագահ՝ փոխարինելով տոքթ. Նազարէթ Տարագճեանը, իսկ 17 Դեկտեմբերի նիստին՝ ընտրեց Սերժ Պուչաքճեանը որպէս գործադիր տնօրէն՝ փոխարինելով քեզ։ Վերջինս իր պաշտօնը պիտի ստանձնէ 1 Փետրուար, 2025ին։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ․- Ի՞նչ է կարծիքդ, այս նոր նշանակումներուն մասին։
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ.- Նախ շնորհակալ եմ որ զիս չես մոռցած եւ հարցազրոյցով մը զիս կ՛ուզես տեղեակ պահել աշխարհի անցուդարձներէն։ Գալով համագումարին, մեծապէս զգացուած եմ որ զիս յետ մահու մեծարած են։ Իսկ ինչ կը վերաբերի նոր անձնակազմին, տասը տարի գործակցելով Կեդրոնական վարչութեան հետ, ես մեծ համարում ունիմ անոնց նշանակումներուն վրայ եւ վստահ եմ որ երկու անձնաւորութիւններն ալ իրենց լաւագոյնը պիտի ընեն, հայ ազգի զաւակներուն բարգաւաճման համար։
Բ. 5 Նոյեմբերին, նախկին նախագահ Թրամփ ընտրուեցաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ՝ երկրորդ անգամ ըլլալով, պարտութեան մատնելով փոխնախագահ Հերիսը։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Չեմ յիշեր թէ Հանրապետական էիր, թէ Ժողովրդավար։ Սակայն կ՛ուզեմ գիտնալ քու դիրքորոշումդ՝ այս ընտրութեան նկատմամբ։
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ.- Ինծի համար սա յստակ է, թէ նախագահը՝ ըլլայ Հանրապետական կամ Ժողովրդավար, չի կրնար երկրին արտաքին քաղաքականութիւնը փոխել։ Միացեալ Նահանգները դժբախտաբար միշտ ալ թիկունք պիտի կանգնի Իսրայէլին, անտեսելով խեղճ Պաղեստինի բնակչութեան հիմնական կարիքները։
Եթէ կը վերյիշես՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ, Միացեալ նահանգներու դեսպանը միշտ ալ վեթօ գործածած է ի նպաստ Պաղեստին առնուած որոշումներուն դէմ։
Գ. 7 Դեկտեմբերին, Սուրիոյ ընդդիմադիրները՝ Հալէպէն գալով, մտան Սուրիոյ մայրաքաղաքը եւ տապալեցին Ասատի կառավարութիւնը։ Յաջորդ օրն իսկ, նախագահ Պաշշար Ասատ իր ընտանիքով փախուստ տուաւ Սուրիայէն եւ գնաց Մոսկուա, ուր իրեն ապաստան տուաւ նախագահ Փութին։ Այսպէսով՝ 54 տարուան ասատական մենատիրութիւնը վերջ գտաւ։
Քաղաքական անորոշ այս իրավիճակը՝ ծայրայեղ կրօնամոլներու իշխանութեան ներքեւ, խթան հանդիսացաւ որ ժամանակին քու նախաձեռնած Սուրիահայերու Օգնութեան հիմնադրամի (SARF) գործընթացը վերակենդանանայ, Ամերիկայի Արեւմտեան ափին մէջ՝ եւ արդէն իսկ այդ կապակցութեամբ կոչ մը հրապարակ իջաւ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Քու ծննդավայրդ դարձեալ՝ պարագաներու բերումով, օգնութեան կիզակէտ հանդիսացաւ։ Ի՞նչ է քու կարծիքդ այդ մասին։
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ.- Ես կը խորհիմ, որ նորէն՝ ինչպէս անցեալին, հայերը ի մի պիտի հաւաքուին եւ օգնութեան ձեռք երկարեն՝ հոն ուր որ կարիքը կայ։ Մենք մեր գաղութներու հայրենակիցները չենք կրնար անտեսել, երբ բաղդատաբար հանգստաւէտ կեանք մը կը վայելենք արեւմտեան բարգաւաճ երկիրներուն մէջ։
Մենք պէտք է հետեւինք Աւետարանի խօսքին՝ որ կ՛ըսէ․ «Աւելի երանելի է տալը, քան առնելը» (Գործք Առաքելոց 20:35)։
Դ. 7 Յունուարին, մեծն Լոս Անճելըսի տարածքին՝ երեք տարբեր վայրեր կրակ առին եւ զօրաւոր քամին տարածեց զանոնք, ծնունդ տալով ահաւոր եւ լայնածաւալ հրդեհներու, որոնք աննախընթաց էին Հարաւային Քալիֆորնիոյ Լոս Անճելըս գաւառին համար։
Որպէս հետեւանք՝ 12,000 բնակարաններ, շատ մը վաճառատուներ, եկեղեցի մը, հանրային գրադարան մը եւ դժբախտաբար Ալթատինայի Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանը հիմնայատակ կործանեցան։ Կան նաեւ 25 մեռեալներ եւ շատ մը կորսուած մարդիկ . . .
Բարեբախտաբար Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Փասատինայի համալիրի փակուած Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան դպրոցի շէնքն ու դասարանները սիրայօժար տրամադրած է Սահակ-Մեսրոպ վարժարանին, որ աշակերտները հոն շարունակեն իրենց ուսումը, մինչեւ ցնոր կարգադրութիւն։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Ուրախ եմ որ ՀԲԸՄնը՝ հաւատարիմ իր «Միութիւնը զօրութիւն է» նշանաբանին, վերոյիշեալ քայլը առած է, փրկարար դեր մը խաղալով՝ այս նեղ կացութեան մէջ։ Զաւէն, դուն ի՞նչ կը խորհիս։
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ.- Թէեւ հայկական ասացուածքը կ՛ըսէ՝ «Կրակը ինկած տեղը կ՛այրէ», սակայն ես վստահ եմ, որ՝ տրուած ըլլալով հայուն վճռակամութիւնը, Սահակ-Մեսրոպ վարժարանը «Փիւնիկի նման պիտի յառնի մոխիրներէն» եւ շատ չանցած՝ դարձեալ պիտի վերականգնի եւ իր սրբազան առաքելութիւնը շարունակէ։ Ես ալ ուրախ եմ որ հայեր՝ քով-քովի գալով, կը մխիթարեն զիրար եւ անշուշտ կ՛օգնեն թէ՛ բարոյապէս եւ թէ ալ նիւթապէս։ Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը։
Ե. 9 Յունուարին, Լիբանանը վերջապէս կրցաւ ընտրել նախագահ մը, յանձինս՝ բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզէֆ Աունը։ Այդ աթոռը՝ աւելի քան մէկ տարի թափուր մնալէ ետք, ահաւասիկ ունեցաւ իր արժանաւոր գահակալը։
Նախագահ Աուն՝ իր կարգին, նշանակեց վարչապետ մը՝ յանձինս Արդարութեան միջազգային դատարանի Նախագահ Նաուաֆ Սալամը, եւ խնդրեց որ ան կազմէ իր դահլիճը։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Դուն՝ ծննդավայրդ Սուրիոյ կողքին, մօտիկ եղած ես նաեւ Լիբանանին, քանի համալսարանական ուսումդ ստացած ես Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ։ Ի՞նչ են մտածումներդ այս մասին։
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ.- 1975ի քաղաքական պատերազմէն ի վեր, անկայուն վիճակ մը գոյութիւն ունէր հոն։ Կը սիրեմ յուսալ, որ Լիբանանը կ՛անդրադառնայ իր անցեալի սխալներուն եւ մէկդի դնելով անհատի փառամոլութիւնը, կը սկսի մտահոգուիլ իր ժողովուրդին ապրելակերպով եւ կ՛առնէ ճիշդ քայլեր՝ այդ ուղղութեամբ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ.- Ուրիշ ըսելիք ունի՞ս։
ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ.- Մեր գաղութները՝ ըլլայ Սուրիոյ մէջ թէ Լիբանանի, պէտք ունին ձեր աջակցութեան։ Մի՝ զլանաք օգնութեան ձեռք երկարելու անոնց, որպէսզի կարենան իրենց հիմնական կարիքները հոգալ։ Շնորհակալութիւն բոլորին։
Ծ․Խ․ Արտայայտուած կարծիքները Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական ընկերակցութեան պաշտօնական կեցուածքները չեն։