
Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ մշակութային հիմնարկութեան վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ Էնսինոյի Համայնքային կեդրոնի շինարարութիւնը արդէն իսկ ընթացքի մէջ է։
Կեդրոնը շրջանին հայութեան համար պիտի վերածուի մշակութային եւ ընկերային հաւաքավայրի մը։
Յիշեցնենք, որ 2013ին, Լոս Անճելըսի քաղաքապետական խորհուրդը նախնական հաւանութիւն տուաւ քաղաքին կողմէ չօգտագործուող կառոյցներէն հրշէջներու թիւ 83 կայանը 30 տարիով Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ մշակութային հիմնարկութեան յանձնելու որոշումին, որ վերջնականացաւ կողմերուն միջեւ ստորագրուած համաձայնութեամբ: Հիմնարկէքի արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Դեկտեմբեր 2021ին:
Կեդրոնի ապահովման աշխատանքին մէջ կենսական դերակատարութիւն ունեցան Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ Դատի յանձնախումբը, ներառեալ անոր ատենապետ իրաւաբան Նարեկ Կիտցինեան եւ անդամներ՝ Դալար Տէտէրեան, իրաւաբան Թանիա Բարսեղեան, իրաւաբան Նորա Տէմիրճեան, իրաւաբան Շանթ Յակոբեան, Ճան Թաշճեան, Գօգօ Ալեքսանեան եւ Ռաֆֆի Սարգիսեան։

Յատկապէս վերջին մէկ տարուան ընթացին, Հայ մշակութային հիմնարկութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սարգիսեան եւ անդամ Շանթ Յակոբեան աշխատանք տարին շինարարութեան համար պէտք եղած դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքային մակարդակի աջակցութիւն ապահովելու ուղղութեամբ՝ վստահ ըլլալով, որ պատմական կառոյցին արտաքին իւրայատկութիւնները պիտի պահպանուին։
Ծրագիրին իրականացման համար մօտաւորապէս տարի մը առաջ կազմուած յանձնախումբին մաս կը կազմեն Բեգլար Փիլաւճեան, Սերոբ Պէյլէրեան, Սթիւ Տէտէեան, Շանթ Յակոբեան եւ Ռաֆֆի Սարգիսեան։ Յանձնախումբը շինարարութիւնը վստահած է «Նազերեան Կրուփ» ընկերութեան, որուն նախագահն է Վարդան Նազերեան՝ յարգուած մասնագէտ մը պատմական կառոյցներու շինարարական ծրագիրներու ոլորտին մէջ եւ հայ համայնքի երկար տարիներու հովանաւոր մը։
Այս առիթով, Արեւմտեան Սան Ֆերնանտօ հովիտի Հայ մշակութային հիմնարկութիւնը շնորհակալութիւն կը յայտնէ քաղաքային անցեալ եւ ներկայ իշխանութիւններուն եւ յատկապէս քոնկրեսական Պրետ Շըրմընին, որ կրցաւ ծրագրին համար 1.2 միլիոն տոլար դաշնակցային օժանդակութիւն մը ապահովել։