
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան 31 Յունուարին յայտարարեց, որ Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵԱՏՄէն) դուրս գալու պարագային Հայաստանին չքաւորութիւն կը սպառնայ։
Մէջբերելով Հայաստանի վիճակագրական տուեալները եւ զանոնք վկայակոչելով` ան յայտնեց, որ Ռուսիոյ մասնակցութեամբ տնտեսական դաշինքէն հեռանալու պարագային, Հայաստանէն արտածումները կը նուազին 80 տոկոսով եւ «նոյնիսկ միջնաժամկէտ հեռանկարով կարելի պիտի չըլլայ կորուստները փոխարինել այլընտրանքային ուղղութիւններով»:
«Հայաստանի մէջ կարգ մը փորձագէտներ կը պնդեն, որ Արեւմուտքը, մասնաւորաբար Եւրոպական Միութիւնը, իբր թէ պատրաստ է վճարել ամէն բանի համար: Оրինակ` ըսէք, անոնք ե՞րբ վճարած են ամէն բանի համար», հարցուց Զախարովա, ըստ որուն, Հայաստանի համարկումը Եւրոպական Միութեան «երկրին զարգացման ուղղակի հարուած մը պիտի ըլլայ»:
«Եթէ կը խօսինք արտադրութեան ծաւալին եւ Հայաստանի բնակչութեան մասին, այդ կրնայ ամբողջական աղքատացման առաջնորդել», ըսաւ Զախարովա:
Ան նաեւ անդրադարձաւ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի կարգավիճակին՝ հաստատելով, որ անիկա ենթակայ է լուծարման։ Ան պնդեց, որ համագործակցութենէն հրաժարած են Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի համանախագահները, «անոնք մինչեւ հիմա պատճառներուն մասին չեն յայտարարած»:
«Իսկ աւելի ուշ՝ Հոկտեմբեր 2022ին, Փրակի մէջ, Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի ղեկավարներուն եւ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչին միացեալ յայտարարութիւն մը որդեգրուեցաւ։ Եւ այս բոլորին լոյսին տակ, Մինսքի խումբը պարզապէս կորսնցուց իր գործունէութեան իմաստը։ Ասիկա պէտք է հիմք ընդունինք», յայտնեց Զախարովա։