ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ
Աւետարան Ըստ Ղուկասու 16րդ գլխուն 19էն՝ 31 համարներուն մէջ կը կարդանք Յիսուսի պատմած «Մեծահարուստին Եւ Աղքատ Ղազարոսին Առակը»: Առակին մէջ նկարագրուած հարուստ մարդը կեանքը ապրեցաւ եւ վայելեց փարթամ ու շքեղ մթնոլորտի մէջ: Իսկ Ղազարոս ապրեցաւ աղքատ, անօթի եւ հիւանդկախ կեանք մը:
Ժամանակ մը յետոյ, երկուքն ալ մեռան: Առակը կը պատմէ թէ աղքատիկ Ղազարոսը երբ մեռաւ «հրեշտակները զինք Աբրահամի գոգը տարին»: Իսկ հարուստ մարդը իր աչքերը դժոխքի մէջ բացաւ: Ան դժոխքէն երկու խնդրանք ըրաւ: Առաջին խնդրանքը որ Հայր Աբրահամ՝ Ղազարոսը դժոխք ղրկէ, «որպէսզի մատին ծայրը ջուրին թաթխէ եւ զովացնէ իր լեզուն»: Խնդրանքը մերժուեցաւ, քանի որ անկարելի էր: Աբրահամ ըսաւ մեծահարուստին. «Գիտցի՛ր որ մեծ անդունդ մը կայ մեր եւ ձեր միջեւ: Եթէ ուզեն այստեղէն ձեր մօտ անցնիլ՝ չեն կրնար»:
Երկրորդ խնդրանքը այն էր որ Հայր Աբրահամ Ղազարոսը աշխարհ ղրկէր իր հինգ եղբայրները զգուշացնելու, որպէսզի անոնք ալ իր բախտին չարժանանային: Այդ խնդրանքն ալ մերժուեցաւ, քանի որ անգործնական առաջարկ մըն էր: Աբրահամ ըսաւ անոր. «Անոնք Մովսէսի օրէնքն ու մարգարէները ունին. թող անոր պատուիրանները գործադրեն… եթէ անոնց մտիկ չեն ըներ, մեռելներէն յարութիւն առնող մըն ալ պիտի չկարենայ համոզել զիրենք»:
Յիսուսի առակը երկու տեսակ աղքատութիւն եւ երկու տեսակ աղքատներ կը նկարագրէ: Մէկը՝ նիւթական աղքատութիւնն է: Միւսը՝ հոգեւոր աղքատութիւնը: Ղազարոս աղքատ էր նիւթապէս. մեծահարուստը՝ աղքատ էր բարոյապէս եւ հոգեւորապէս: Ղազարոսի աղքատութիւնը տեսանելի էր: Մեծահարուստինը՝ անտեսանելի, բայց շատ աւելի ահաւոր:
Նիւթական աղքատութիւնը արտաքնապէս նշմարելի է, իսկ հոգեւոր աղքատութիւնը բացայայտ չէ: Հոգեւոր աղքատութիւնը քողարկուած է արտաքին շլացուցիչ պերճանքներով: Առակին մէջ յիշուած հարուստը «բեհեզ եւ ծիրանի հագուստներ կը հագուէր եւ ամէն օր փառաւոր խնճոյք կ՛ընէր»: Արտաքնապէս ան հարուստ էր, բայց ներքնապէս՝ աղքատ: Իր հարստութիւնը պատրանք եւ ցնորք էին՝ ծածկելու իր ներքին սնանկութիւնը:
Մեծահարուստ մարդուն աղքատութիւնը հոգեկան ներքին աղքատութիւն մըն էր, որ աղերս ունէր իր նկարագրին հետ: Այդ տեսակի աղքատութիւնը սերտօրէն կապ ունի անտարբերութեան եւ զանցառութեան մեղքին հետ: Այդ տեսակ աղքատութիւնը հոգեւոր կուրութիւն է, որուն ենթական երբեք չի տեսներ իր շրջապատի կարիքներն ու պէտքերը, ցաւն ու տառապանքը: Ջայլամի նման իր գլուխը գետնին մէջ խրած՝ ան կ՛անտեսէ իր ապրած միջավայրի մէջ ամէն տեսակի մարդկային կարիքները եւ կ՛ապրի միայն ու միայն իր անձին համար: Կամ եթէ նոյնիսկ տեսնէ իր շրջապատին ճնշող պէտքերը, իր սրտին վրայ քար դրած՝ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը չունի օգնութեան ձեռք կարկառելու: Այդ տեսակ աղքատութիւնը անձնակեդրոն, անկարեկից եւ եսամոլ մարդու հիւանդութիւնն է: Այո’, երկու տեսակ աղքատութիւն կայ: Շատեր զգոյշ են նիւթական աղքատութեան մատնուելու: Արդեօք որչա՞փ զգոյշ են հոգեւոր աղքատութեան զոհ չդառնալու:
Անշուշտ ցաւալի բան է նիւթապէս աղքատ կեանք ապրիլ, սակայն շատ աւելի ցաւալի է հոգեւոր աղքատութիւնը: