Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ յայտարարեց, որ Երեւան չի կրնար Միջազգային քրէական դատարանին մէջ դադրեցնել հայերուն դէմ յանցագործութիւններու հետաքննութիւնը, թէեւ հայցերը վերցնելու ետ իրաւունքը ունի:
Ըստ «Սփիւթնիք Արմէնիա»ի՝ Օքամփօ յայտնեց, որ որեւէ պարագայի դատախազը իրաւունք ունի շարունակելու յանցագործութիւններու վերաբերեալ հետաքննութիւնը իրաւասութեան տարածման պահէն՝ 10 Մայիս 2021էն, եւ դատը յետս կոչելէ ետք մէկ տարուան ընթացքին։
Հայաստանի իշխանութիւնները մէկ տարի առաջ վաւերացուցած են Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը` պատճառաբանելով, որ անիկա անոնց թոյլ կու տայ դատարանին մէջ հայցեր ներկայացնել Պաքուի յարձակումներուն եւ ռազմական յանցագործութիւններուն դէմ, ներառեալ՝ 2021-2022 թուականներուն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք ներխուժումը: