Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի 9 Փետրուարին, Երեւանի մէջ, լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցքը» վնաս է թէ՛ Հայաստանին եւ թէ Իրանին: Ան շեշտեց, որ Թեհրան դէմ է որեւէ ճամբու, որ պիտի ըլլայ միջանցքի տրամաբանութեամբ։
«Միայն Հայաստանը եւ Իրանն են, որ այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին միատեսակ կը մտածեն: Միայն Իրան կ՛աջակցի Հայաստանին` դէմ ըլլալով այս միջանցքին: Տարածաշրջանի երկիրներէն միայն Իրանն է, որ այս հարցով կանգնած է Հայաստանի կողքին: Մենք Հայաստանի հետ, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցին մէջ տարակարծութիւն չունինք եւ միատեսակ կը մտածենք», յայտնեց Սոպհանի՝ աւելցնելով. «Մենք կողմ ենք Հայաստանի տարածքին մէջ ուղիներու ապաշրջափակման, սակայն անիկա պէտք է իրականացուի ազգային եւ տարածքային գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու հիման վրայ: Մենք դէմ ենք որեւէ ճամբու, որ միջանցքի տրամաբանութեամբ է»:
Իրանի դեսպանը քանի մը ժամ տեւած ասուլիսին ընթացքին շեշտեց, որ իրեն բոլորովին դէմ են ամէն ինչի, որ պատճառ կը դառնայ Հայաստան-Իրան սահմանի փոփոխութեան: Ան շեշտեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի հարցով Իրան զիջումներու ու գործարքի չի ձեռնարկեր՝ ո՛ր երկրին հետ ալ ըլլայ անիկա, որովհետեւ ասիկա Իրանի ապահովութեան հարցն է: Այս հարցով Ռուսիոյ հետ տարակարծութիւններու առկայութեան վերաբերող հարցումի մը պատասխանելով՝ Սոպհանի ըսաւ. «Մենք յստակօրէն թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ միւս երկիրներուն յայտնած ենք մեր յստակ դիրքորոշումը: Մենք դէմ ենք այն ճամբուն, որ պիտի ըլլայ միջազգային վերահսկողութեան տակ, մենք դէմ ենք ամէն ինչի, որ պատճառ պիտի դառնայ սահմաններու փոփոխութեան: Մենք խիստ դէմ ենք այն բանի, որ պիտի առաջնորդէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան: Այդ մասին յստակ արտայայտուած ենք: Եւ այս հարցով որեւէ երկրի նկատառումները հաշուի չենք առներ: Որոշ երկիրներ կը փորձեն կասկած յառաջացնել, որ Իրանը Զանգեզուրի հարցին մէջ իր դիրքորոշումները զիջած է, Զանգեզուրի հարցը մեր ապահովութեան հետ շաղկապուած է: Մենք մեր երկրի զգային ապահովութեան հարցին մէջ հաստատակամ ենք, ո՛ր երկիրն ալ ըլլայ, այս է մեր դիրքորոշում»։
Անդրադառնալով Հայաստանի մէջ Եւրոպական դիտորդական առաքելութեան յանձնառութեան երկարաձգման իրողութեան՝ Սոպհանի յայտնեց, որ այդ դիտորդական առաքելութիւնը իր բնոյթով ռազմական չէ: Հայաստանի իշխանութիւնները իրանեան կողմին հաւաստիացուցած են, որ այդ առաքելութիւնը պարզապէս Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին կայունութիւն պահպանելու եւ լարուածութիւնը կանխելու նպատակ ունի, ինչ որ հասկնալի է իրանեան կողմին համար:
«Մենք Հայաստանի կառավարութեան կողմէ սեփական քաղաքականութիւնը բազմաճիւղաւորելու դիրքորոշման նկատմամբ կը վերաբերինք յարգանքով: Հայաստանի իշխանութիւնները մեզի յայտնեցին, որ Եւրոպական Միութեան ու եւրոպական շարք մը երկիրներու հետ Հայաստանի յարաբերութիւնները կրնան նաեւ լաւ կարելիութիւններ ստեղծել Հայաստան-Իրան փոխգործակցութեան համար: Եթէ Հայաստան յաջողի Եւրոպական Միութեան հետ յարաբերութիւնները զարգացնել եւ այդ հանգամանքը օգտագործել ի նպաստ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւններու խթանման, մենք դրական կը գնահատենք այդ ջանքերը», ըսաւ Սոպհանի:
Պատասխանելով այն հարցումին, որ ի՞նչ պիտի ընէ Թեհրան, եթէ Ատրպէյճան որոշէ ուժով բանալ ճամբան, յարձակիլ Հայաստանի վրայ: «Դէմ ենք ուժի կիրարկումին: Ճամբայ ստեղծելու համար ուժի կիրարկումը որեւէ բացատրութիւն չունի: Ես չեմ ուզեր խօսիլ այն մասին, թէ ինչ կրնայ ըլլալ ապագային ու այդ հաւանականութիւններուն վերաբերեալ դիրքորոշում արտայայտեմ: Բնականաբար, Հայաստանի դիրքորոշումը, որ իր տարածքով անցնող որեւէ ուղի պէտք է ըլլայ իր գերիշխանութեան տակ, միջազգայնօրէն ընդունուած իրաւունք է: Եթէ առաջնորդուինք այս տրամաբանութեամբ, նոր հակամարտութիւն պէտք չէ տեղի ունենայ, եւ մեր ամբողջ ջանքերը կը գործադրենք, որ նոր հակամարտութիւնը կանխենք: Եթէ հիմա յարձակում ըլլայ, կը կարծեմ, որ Հայաստան ունի պաշտպանական հզօրութիւն եւ կարելիութիւն պաշտպանելու իր երկիրը: Ձեր երկրի պաշտպանութեան կարողութիւնները մի թերագնահատէք», ընդգծեց Սոպհանի, որ նաեւ ըսաւ, թէ վիճակագրական տուեալները, որոնք կը վերաբերին Հայաստանի եւ Իրանի միջսահմանային երթեւեկութեան եւ քաղաքացիներու փոխայցելութիւններուն, անհրաժեշտութիւն կը դարձնեն Արաքս գետի վրայով երկրորդ կամուրջի մը շինարարութիւնը:
Ան այս հաստատումը կատարեց՝ անդրադառնալով երկկողմ տնտեսական յարաբերութիւններու զարգացման հեռանկարին:
«Նախորդ տասը ամիսներուն մեր երկիրներուն միջեւ քաղաքացիներու 231,293 փոխայցելութիւններ կատարուած են, ընդ որում` 66,593ը Իրանի քաղաքացիներն են: Ընդհանուր առմամբ` մեկնումներու եւ վերադարձի թիւը կը հասնի շուրջ կէս միլիոնի: Տասը ամսուան մէջ ասիկա մեծ թիւ է: Նոյն ժամանակաշրջանին Իրան-Հայաստան սահմանը անցած են նաեւ 126,890 բեռնատար ինքնաշարժներ: Քաղաքացիները կ՛երթեւեկեն նաեւ հանրակառքերով ու իրենց անձնական փոխադրամիջոցներով: Այս պահուն մեր երկիրներուն միջեւ ապրանքաշրջանառութիւնը հասած է 755 միլիոն տոլարի: Առաջին քայլով կը փափաքինք այդ ցուցանիշը հասցնել մէկ միլիառի, իսկ հետագային` երեք միլիառի: Իրանը այժմ ԵԱՏՄ կազմակերպութեան դիտորդ անդամ է, ինչ որ պիտի նպաստէ, որ առեւտուրը առաւել զարգանայ, հետեւաբար երկրորդ կամուրջի շինարարութեան կողմ են թէ՛ Իրանի, եւ թէ Հայաստանի իշխանութիւնները: Նախագծային աշխատանքները աւարտած են, յոյսով ենք, որ շուտով պիտի մեկնարկեն շինարարական աշխատանքները», ըսաւ Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպանը։
Սոպհանի շեշտեց, որ ներկայ բոլոր հնարաւորութիւնները միտուած են երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման: Դիւանագէտին համոզումով` այլ ելք չկայ, քան խթանել եւ ամրապնդել գործակցութիւնը: