
Նախագահութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, Հինգշաբթի, 30 Յունուարի երեկոյեան, առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Պետրոս Անսըրեանի Diplomat Without Portfolio (Newman Springs հրատարակչութիւն, Լոս Անճելըս, 2024) գիրքին գինեձօնը:
Հանդիսութիւնը վարեց բժիշկ Գրիգոր Սիմոնեան, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ գիրքին հրատարակութեան կարեւորութեան: Այնուհետեւ, Անի Եփրեմեան հանդէս եկաւ արտասանութեամբ, որուն յաջորդեց երաժշտական կտորներու ներկայացում մասնակցութեամբ Տենիըլ Էյթանի եւ Սեմ Քուփըրի:
Ապա իրաւաբան Ռուբէն Աւշարեան ներկայացուց գիրքին բովանդակութիւնը: Ան Անդրադարձաւ գիրքին մէջ տեղ գտած Լիբանանի պատերազմին պատճառով սարսափելի դէպքերուն եւ գաղթին, մանաւանդ լուսարձակի տակ առնելով 18 Ապրիլ 1983ին Պէյրութի Ամերիկեան դեսպանատան պայթումի հոլովոյթները եւ իրերայաջորդ պատմական դէպքերը: Պայթումին զոհ գացին 60 անձեր, որոնցմէ 18 անձերը ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտներ էին: Ահռելի պայթումին վերապրողներէն է Պետրոս Անսրեան, որ այդ տարիներուն կը պաշտօնավարէր ամերիկեան դեսպանատան մէջ:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք արտասանեց նաեւ բժիշկ Վարդան Թաշճեան:
Գինեձօնի յայտագիրը կ՛ընդգրկէր Yes no Visa տեսերիզի ներկայացումը:

Գիրքի ներկայացումէն ետք, խօսք առաւ հեղինակը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդ սրբազան հօր՝ հանդիսութիւնը հովանաւորելուն համար, ինչպէս նաեւ երախտիքի խօսքեր ուղղեց հանդիսութեան բոլոր մասնակցողներուն եւ ներկաներուն:
Ապա ան ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց գիրքին մէջ տեղ գտած իր կենդանի վկայութիւնները, որոնք կը վերաբերէին ամերիկեան դեսպանատան պայթումի հանգամանքներուն եւ հետեւանքներուն:
Հուսկ, փակման խօսքով ելոյթ եկաւ առաջնորդը, որ շնորհաւորեց Պետրոս Անսըրեանը Diplomat Without Portfolio գիրքին հրատարակութեան առիթով:
Ըստ սրբազանին՝ գիրքը կը պատմէ Անսըրեանի կեանքի ուղեւորութիւնը եւ փորձառութիւնը ու լիբանանահայութեան կեանքը պատերազմի տարիներուն: Սրբազանը վեր առաւ Անսըրեանի քաջասրտութիւնը՝ նշելով, որ ան ապրեցաւ ամերիկեան դեսպանատան ցաւալի պայթումին սարսափելի պահերը եւ հաւատքով ու իմաստութեամբ յաղթահարեց կեանքի բազմաթիւ դժուարութիւններ եւ արհաւիրքներ: Սրբազանը այս առթիւ բարձր գնահատեց Անսըրեանի ծառայութիւնը եւ նուիրումը Արեւմտեան թեմին:
Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ գիրքին գինեձօնը, ապա Անսըրեան իր գիրքերը մակագրեց ներկաներուն համար: Ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն մը:
ԴԻՒԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ