Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Ռուսիա կը շարունակէ պատրաստ ըլլալ աջակցելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններուն:
Այս մասին կը յայտնէ «ՌԻԱ Նովոսթի»ն` յիշեցնելով, որ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան յայտարարած էր, որ Հայաստան դժուար թէ ընդունի Ռուսիոյ միջնորդութիւնը Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ: «Քիչ հաւանական եմ համարում, բայց մենք իւրաքանչիւր առաջարկ, եթէ դա կոնկրետ (յստակ) է լինում, քննարկում ենք եւ պատրաստ ենք քննարկել, բայց անցած փորձը շատ վատ յուշեր է թողել եւ վերջիվերջոյ մենք չունենք շատ հարցերի պատասխաններ», ըսած էր Սիմոնեան։
«Երեւանէն տարբեր մակարդակներու վրայ մենք լսեցինք յայտարարութիւններ, որ՝ միջնորդներու կարիքը չկայ: Երեւան եւ Պաքու կարողութիւնը ունին ինքնուրոյն շարունակելու այդ բանակցութիւնները մինչեւ գործընթացին աւարտը: Թէեւ մենք կը շարունակենք պատրաստ ըլլալ տրամադրելու որեւէ հնարաւոր օգնութիւն, բայց մենք կ՛ողջունենք անկախ ջանքերը: Կարեւորը այն է, որ տարածաշրջանը` Հարաւային Կովկասը, մնայ կանխատեսելի, խաղաղ, վերածուի բարգաւաճման եւ համագործակցութեան տարածքի մը», լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնեց Տեսքով՝ մեկնաբանելով Մովսիսեանի յայտարարութիւնները: