Մտաւորական մը, պարկեշտ քաղաքացի մը, քաջարի հայ մը իր գաղափարական համոզումներով կրցաւ զօրաշարժի ենթարկել ամբողջ Թուրքիան: Հրանդ Տինք կը հաւատար, իբրեւ պարկեշտ քաղաքացի, թէ Թուրքիա պէտք է մուտք գործէ Եւրոպական միութիւն: Երբ մէկ կողմէն Եւրոպական միութիւնը լրջօրէն ժողովրդավարական եւ մարդկային իրաւանց յստակ չափանիշներով պայմաններ կը ներկայացնէ Թուրքիոյ եւ, միւս կողմէ, Թուրքիա իր ամբողջական ճիգերով կը նկրտի մուտք գործել Եւրոպական միութիւն, այս զոյգ երեւոյթները քաջալեր կը հանդիսանային Հրանդ Տինքին, որպէսզի գոյացնէ այն համոզումը, թէ կարելի է ժողովրդավարական կարգերով, ներքին ճնշումներով պարտադրել թուրք պետութեան՝ ճանչնալու համար Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութիւնը: Ապա կը յանդգնէր յայտարարելու (Թուրքիոյ խորհրդարանին առջեւ). «Այո՛, եթէ նոյնիսկ ոսկիէ օդանաւով փոխադրած ըլլայիք հայ ժողովուրդը, արմատախիլ ըրած կ՚ըլլայիք զայն եւ ատիկա ցեղասպանութիւն է»:
Այս յայտարարութիւնը արդէն քրէական յանցագործութիւն կը սեպուի Թուրքիոյ մէջ, ըստ քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածին: Այս յանցանքը լաւագոյն առիթն էր թուրք պետութեան համար, որպէսզի օրէնքով դատապարտէր յանցագործը: (Չմոռնանք, թէ եւրոպացիները օրէնքը կը յարգեն). հոս հարկ է յիշել, թէ արդէն 1990ական թուականներէն ի վեր քաղաքական իր գաղափարներուն եւ տեսակէտներուն համար հսկողութեան տակ առնուած էր:
Նախ՝ տեղական հանրային դատարանը, թրքութիւնը անարգելու ամբաստանութեամբ յանցագործ կը նկատէ զինք եւ 6 ամսուան բանտարկութեան կը դատապարտէ զայն։ Ստիպուած կ՚ըլլայ դիմելու վերադատ ատեան, հոն ալ կը հաստատուի վճիռը, ապա կը դիմէ ընդհանուր խորհուրդին, արդիւնքը կ՚ըլլայ նոյնը: «Դատարան հասկացողութիւնը Թուրքիոյ մէջ հանրութեան համար չէ, այլ պետութեան շահերուն կը ծառայէ»:
Դատավարութեան ընթացքին թրքական լրատուամիջոցները, այսինքն՝ քարոզչական միջոցները, «թերթերու յօդուածները, խմբագրականները եւ պատկերասփիւռի յայտագիրները» առիթ չեն փախցներ եւ լայն տեղ կը տրամադրեն առաջնահերթ սիւնակներուն մէջ՝ լայնածաւալ քարոզչական արշաւ մը մղելով Հրանդ Տինքին դէմ, այսինքն՝ «թրքութիւնը անարգողին դէմ»: Միեւնոյն ատեն, աւելի պարզաբանելու համար իրենց արշաւը, թուրքին հասկնալի ոճով կը շարահիւսեն իրենց պատգամը, թէ՝ «այս հայը թուրքին թշնամի է» այս հայը կ՚ըսէ, թէ՝ «թուրքին արիւնը թունաւոր է»:
Լրատուական քարոզչութիւնը ամէնէն հրէշային զէնքն է միջավայրի մը մէջ, ուր կը տիրէ ոչ միայն ազգայնամոլութիւն, այլ՝ ազգային խելագարութիւն: Շատ բնական երեւոյթ է, որ այդպիսի միջավայրի մը մէջ, ուր կը վխտան ծայրայեղական խմբաւորումներ, Հրանդ Տինքին համակարգիչը լեցուն ըլլայ սպառնալիքներով եւ անարգական հայհոյանքներով: Հրանդ Տինք կը դիմէ դատաւորին եւ կը ներկայացնէ այդ սպառնալից ե-նամակները եւ կը խնդրէ պաշտպանութիւն: Ոչ մէկ ապահովական միջոցառում կ՚առնուի Հրանդին կեանքը պաշտպանելու: Ինչո՞ւ Օրհան Փամուք թիկնապահներով կը ճամբորդէ: Ծիծաղելի պիտի ըլլայ, եթէ ըսենք, թէ թրքական ապահովական կառոյցները անփորձ էին Հրանդ Տինքին պարագային: Ասիկա արդէն ապացոյց մըն է թուրք պետութեան մեղսակցութեան:
Կարծէք չի բաւեր հոգեկան տանջանքը, նաեւ ֆիզիքական տանջանքի ենթարկուած է Հրանդ Տինք:
Թրքութիւնը ի՛նչ է ասկէ աւելին, թուրք պետութիւնը, թրքական դատարանները, թրքական լրատուամիջոցները, թրքական ապահովական կառոյցները եւ, վերջապէս, թուրք ժողովուրդը… Զօրակոչի ենթարկուեցան Հրանդ Տինքը լռեցնելու համար:
Հրանդ Տինքին ընելիք չէր մնացած այլեւս, եթէ ոչ՝ դիմել Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարան: Հոս տեղին է յիշել, թէ Հրանդ Տինք որոշ չափով ծանօթ դէմք էր եւրոպացիներուն համար: Եւրոպայէն ստացած էր երեք մրցանակներ: 2005ին գերմանական «Շթեռն» պարբերաթերթի «Մտածումի ազատութեան եւ խիզախ լրագրողի» մրցանակը, 2006ին՝ Հոլանտայի «Մտածումի եւ ազատութեան» եւ Նորվեկիոյ «Մարդկային իրաւունքներու» մրցանակները:
Այսինքն դժուար չէր իրեն համար դիմել Եւրոպական մարդկային իրաւանց դատարան, եւ ան կը պատրաստուէր այդ ուղղութեամբ դիմում կատարելու:
Ճիշդ այս պարագան սարսափեցուց թրքութիւնը… մինչ այդ թուրք պետութիւնը իր բոլոր գործօններով իբր թէ օրինական միջոցներով կը փորձէր լռութեան մատնել Հրանդ Տինքը, սակայն երբ Տինք ուղղակի յայտարարեց, թէ՝ «Այժմ դիմում կը կատարեմ Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանին», այո՛, թրքութիւնը սարսափեցաւ։
Պատկերացուցէք պահ մը, եթէ Հրանդ Տինք կարենար եւրոպական դատարան դիմել, եւ պիտի կարենար, գիտէք՝ որքան հետաքրքրական պիտի ըլլար եւրոպացիներուն համար։ Մանաւանդ ըսինք որոշ չափով ծանօթ դէմք էր իրենց եւ կայ նաեւ թրքական նկրտումները՝ Եւրոպական միութեան անդամագրուելու, բան մը, որ դէմ յանդիման կը գտնուի եւրոպական կարգ մը պետութիւններու մերժումին։ Այս զոյգ տուեալները մեծագոյն առիթը պիտի ընծայէին եւրոպացի քաղաքական անձնաւորութեանց, դատաւորներուն, փաստաբաններուն, թերթերու եւ հեռատեսիլի լրագրողներուն, որոնք պիտի խուժէին Հրանդ Տինքի բանտախուցը եւ անոր բարձրացուցած աղաղակը պիտի քօղազերծէր թուրքին ստապատիր կեղծ ժողովրդավարութեան դիմակը. պիտի մերկացնէր Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց կարծեցեալ չափանիշները, որովհետեւ Թուրքիան կը փորձէր այդ դիմակով մուտք գործել Եւրոպական միութիւն։ Ի տես այս երեւոյթին՝ շատ հաւանաբար Հրանդ Տինք շահէր դատը եւ այդ պարագային ուղղակի պատուհաս պիտի ըլլար Թուրքիոյ համար։
Անշուշտ թուրք մասնագէտները շատ աւելի խորաթափանց վերլուծումներով կրցած էին կռահել այդ մտադրութեան հետեւանքները։ Թերեւս մտադիր էին յորդորելու պետութիւնը, որ հրաժարի Հրանդ Տինքի բանտարկութեան վճիռէն, սակայն միւս կողմը կային երեք դատարաններու վճիռները: Լայն քարոզչական արշաւը, թրքական մետիային եւ կար ժողովուրդին ատելութիւնը… Ի՞նչ պիտի ըլլար թուրք պետութեան վարկը այդ խելայեղ ամբոխին դէմ, եթէ անպարտ արձակուէր «կէաւուրը», որ անարգած էր թրքութիւնը, այս երկու այլ ընտրանքներուն դիմաց կը գտնուէր թուրք պետութիւնը։ Բայց կար թուրքին համար երրորդ՝ այլ ընտրանք մը, որ թրքական ճիւաղային բնազդն էր։
Արդէն ամբողջ աշխարհը հանդիսատես եղաւ փոքր պաստառէն սփռուած թրքական հին բեմադրութեան մը, որ կը ներկայացուէր արդի մեթոտներով… թուրք լաճ մը, իր ազգային մոլուցքէն մղուած, կը սպաննէր «կէաւուր» մը, ասիկա հարիւր առ հարիւր հին թրքական արտադրութիւն է։ Սակայն բեմադրութիւնը յարմարցուած էր եւրոպական ընդունելի չափանիշներուն, որ աղ եւ պղպեղ պիտի սրսկէր աշխարհի աչքին… Նախ բեմադրութեան հերոսը՝ Էրտողան, իբր թէ շշմած, անմիջապէս կը դատապարտէր դէպքը եւ «Միտքի ազատութեան վրայ գործուած յարձակում» կ՚որակէր զայն, որ նոյնինքն միտքը դատապարտած էր բանտարկութեան։ Ապա 32 ժամ չանցած, ոճրագործը ձերբակալուած էր, այսինքն տեսէք՝ Թուրքիոյ ապահովական կառոյցները կը համապատասխանեն Եւրոպայի չափանիշներուն։ Իսկ Հրանդ Տինքին անշնչացած մարմինը բեմադրութեան սպառնալից ազդարարն էր պոլսահայութեան, հանդիսատես եղանք նաեւ հայկական ահաբեկ աչքերու…
Իսկ անչափահաս թուրք լաճը, որ միայն 4-5 տարուան բանտարկութեան կը դատապարտուի, եթէ մեղսակից ունի… եւ ունի արդէն, հերոս մըն է թրքութեան համար։
Երբ Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի թիւ 301 յօդուածը, դատարանները, որոնց ետին կը կանգնի պետութիւնը, ապահովական կառոյցները, լրատուամիջոցները, ժողովուրդը եւ, վերջապէս, թրքութիւնը հակամէտ են ամբողջական ճիգերով դէմ կանգնիլ Հայկական Ցեղասպանութեան իրողութեան եւ բոլոր միջոցներով լռեցնել այդ կապակցութեամբ արտայայտուողները, արդէն ասիկա բաւարար է թուրք պետութիւնը նկատել այդ ահռելի ոճիրին պատասխանատուն։
Մենք պարտաւոր չենք երեւոյթները ընկալելու այնպէս, ինչպէս որ կը ներկայացուին մեզի։ Այդ ֆաշական միջավայրին մէջ, որ յղփացած է ատելութեան ոխով, արդէն մահապատիժի որոշումէ մը աւելի լայն ենթահող պատրաստուած էր թրքական լրատուամիջոցներուն կողմէ… կը մնար միայն վճիռին գործադրութիւնը։
Մենք պէտք է ազգովին զգօն ըլլանք, չտարուինք ստապատիր յայտարարութիւններէ եւ ամբողջական գործօններով նեցուկ կանգնինք պոլսահայութեան… Զգոյշ ըլլանք, եթէ մենք ձայն չբարձրացնենք, հարցը իր երեւոյթէն շատ աւելի ծանրակշիռ կրնայ դառնալ։ Առաջնահերթօրէն հարկ է որ գործադրենք Հրանդ Տինքի մտադրութիւնը եւ հարցը ներկայացնենք Եւրոպական մարդկային իրաւանց դատարան, որպէսզի գէթ ներհայկական ոլորտէն դուրս գալով՝ կարենանք միջազգային մակարդակով անմահացնել մեր հերոսը։