Ատրպէյճանի ուժանիւթի պետական SOCAR ընկերութիւնը բաժնետոմսեր գնած է Իսրայէլի «Թամար» կազի հանքավայրին մէջ։ Կը հաղորդուի, որ SOCAR-ը համաձայնագիր մը ստորագրած է Union Energy-ի հետ՝ «Թամար» կազի հանքավայրին 10 տոկոսը ձեռք բերելու նպատակով։
Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ կը համարուին ռազմավարական դաշնակիցներ։ Անոնք ռազմարդիւնաբերական ոլորտին մէջ երկար ժամանակէ ի վեր սերտօրէն կը համագործակցին։ Կողմերը իրենց համագործակցութիւնը ներկայիս զանազան ուղղութիւններով կը զարգացնեն՝ ներառեալ ուժանիւթի բնագաւառին մէջ։
Իսրայէլ եւ Ատրպէյճան տարածաշրջանին մէջ բնական դաշնակիցներ կը համարուին՝ նկատի ունենալով, որ երկուքն ալ Իրանի նկատմամբ ունին հասարակաց վերապահութիւններ եւ մտահոգութիւններ, որոնք կը խթանեն անոնց համագործակցութիւնը։