Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Երեքշաբթի, 11 Փետրուարին Ուաշինկթընի մէջ հիւրընկալեց Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը։
Կազան ամերիկեան վերահսկողութեան տակ դնելու եւ տեղւոյն պաղեստինցիները Յորդանանի եւ Եգիպտոսի մէջ վերաբնակեցնելու գծով իր ինքնագլուխ առաջարկին մասին լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով՝ Թրամփ պնդեց, թէ Կազան գնելու ծրագիր չունի, այն պարզապէս «պիտի ունենայ»։
Թրամփ նաեւ բուռն հակազդեցութիւն ցոյց տուաւ «Համաս»ի կողմէ պատանդներու յանձնումը ժամանակաւորապէս առկախելու որոշումին դէմ, որ հետեւանք էր Իսրայէլի կողմէ համաձայնութեան պայմաններուն անտեսումին։
«Եթէ բոլոր պատանդները մինչեւ Շաբաթ կէսօրուան ժամը 12 չվերադարձուին, զինադադարը ջնջելու կոչ պիտի ուղղեմ: Կրնամ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ խօսիլ Շաբաթ օրը վերջնական ժամկէտ նկատելու համար», ըսաւ Թրամփ` աւելցնելով. «Դժոխքի դռները պիտի բանանք, եթէ գերիները Կազայէն չվերադառնան»։
Ապտալլա Բ. թագաւորը պատրաստակամութիւն յայտնեց հոգատարութիւնը ստանձնելու միայն քաղցկեղով տառապող մօտաւորապէս 2000 պաղեստինցի մանուկներու եւ դարձեալ դէմ արտայայտուեցաւ Կազայի պաղեստինցիները Յորդանան հաստատելու գաղափարին։
Ան շեշտեց, թէ պէտք է սպասել Գահիրէի հրաւիրած արաբական երկիրներու արտակարգ ժողովին, որ կը նախատեսուի գումարել 27 Փետրուարին։
Նշենք, որ պաղեստինցիները Կազայէն հեռացնելու եւ անոնց մէկ մասը Եգիպտոս հաստատելու առաջարկին ընդդիմացող Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսի յետաձգեց Սպիտակ տուն այցելելու իր ծրագիրը։