
Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը` Փարիզի փաստաբաններու պալատի եւ միջազգային քրէական դատարանի փաստաբան Սեւակ Թորոսեանի միջոցով կապ հաստատեց Միջազգային քրէական դատարանի դատախազին հետ:
27 Սեպտեմբեր 2020էն 4 Հոկտեմբեր 2023 Արցախի բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի լայնածաւալ ռազմական յարձակումը պատճառ դարձաւ 120,000 հայերու գաղթին եւ անոնց քանի մը հազարամեայ քաղաքակրթութեան ժառանգութեան կորուստին:
Բազմաթիւ հանրային կազմակերպութիւններ, ինչպէս նաեւ Միջազգային քրէական դատարանի առաջին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ պահպանած են ցեղասպանութեան, մարդկութեան դէմ եւ պատերազմական յանցագործութիւնները` Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ իրականացած վայրագութիւնները որակելու համար:
Ֆրանսիայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան վերջերս Ֆրանսայի կառավարութեան կոչ ըրին՝ հարցը փոխանցելու Միջազգային քրէական դատարանին՝ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի նկատմամբ հետաքննութիւն սկսելու նպատակով:
«Ամբողջ Արեւմուտքը մինչեւ հիմա խիզախութիւն չէ ունեցած. 1915էն ի վեր, ասիկա երկրորդ անգամն է, որ հայերը կը բախին արդարադատութեան այսպիսի ժխտումի մը: Այս իրավիճակը անթոյլատրելի է: Միջազգային քրէական դատարանին նպատակը ցեղասպան առաջնորդները չէզոքացնելն է եւ ժխտողականութեան բոլոր ձեւերուն վերջ դնելն է:
«Ամփոփելով վերոշարադրեալը եւ հիմք ընդունելով Հռոմի կանոնագրութեան 15րդ յօդուածը,
«Լա Հէյի դատախազէն կը խնդրենք`
– Համարել, որ 2020էն 2023 Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն դէմ կատարուած յանցագործութիւններուն համար կանն հետաքննութիւն սկսելու ողջամիտ հիմքեր,
– Դիմել Նախաքննական պալատին` Լեռնային Ղարաբաղի վիճելի տարածքին նկատմամբ դատարանի տարածքային իրաւասութեան գծով,
– Ձերբակալութեան միջազգային հրաման մը արձակել` Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ բոլոր այն անձերուն նկատմամբ, որոնք մասնակցած են 2020էն 2023 Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուած յանցագործութիւններուն», կ՛ըսուի Միջազգային քրէական դատարանի դատախազին ուղղուած՝ Ֆրանսայի Հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդ դիմումին մէջ: