
Ատրպէյճան Հայաստանի դէմ դատ բացաւ Լա Հէյի Իրաւարարութեան դատարանին մէջ՝ պահանջելով փոխհատուցել՝ իբր թէ Արցախի մէջ կենսոլորտի եւ բնութեան «ոչնչացման» համար, յայտարարութեան մը միջոցով յայտնեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ըստ այդ յայտարարութեան՝ դատը ներկայացուեցաւ 12 Փետրուարին, Եւրոպայի մէջ վայրի կենդանիներու եւ բուսական աշխարհի ու կենսոլորտի պահպանութեան մասին 1979ի պայմանագիրին համաձայն: Նոյն յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ Հայաստան կատարած է յիշեալ համաձայնութեամբ ստանձնած կենսոլորտի պահպանութեան իրաւական պարտաւորութիւններու բազմաթիւ «խախտումներ»:
«Հայաստանի գործողութիւնները անդառնալի վնաս հասցուցած են տարածաշրջանի կենդանական աշխարհին եւ տեսակներուն: Ատրպէյճան Հայաստանէն կը պահանջէ ամբողջական փոխհատուցում կենսամիջավայրներու եւ կենդանական աշխարհի զանգուածային ոչնչացման համար, մասնաւորապէս այն գործողութիւններուն համար, որոնք ժխտական ազդեցութիւն ունեցած են հարիւրաւոր տեսակներու եւ կենսամիջավայրերու վրայ: Խօսքը նաեւ լայնածաւալ անտառահատումներու, միջավայրի անարդիւնաւէտ ծառահատումներու, հանքարդիւնաբերական գործունէութեան եւ ջրելեկտրակայաններու կառուցման մասին է», կ՛ըսուի Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութեան մէջ: