Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկի հաղորդակցութեան ապաշրջափակման հարցին մէջ Ռուսիա եւ Իրան, ընդհանրապէս նոյն մօտեցումները ունին. անիկա հաստատուած է 17 Յունուարին, Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահներուն ստորագրած Համապարփակ ռազմավարական գործընկերութեան պայմանագիրին մէջ։ Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա` մեկնաբանելով Հայաստանի մօտ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանիի վերջին յայտարարութիւնը, որ՝ միայն Հայաստանը եւ Իրանն են, որ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին միատեսակ կը մտածեն։
«Ըստ պայմանագիրին` կողմերը կը նպաստեն ապահովական նախաձեռնութիւններուն՝ սահմանակից հատուածներուն, ներառեալ Հարաւային Կովկասի մէջ, կը համագործակցին՝ կանխելու այնտեղ երրորդ կողմի ուժերու միջամտութիւնը եւ ապակառուցողական ներկայութիւնը: Կը կարծեմ, թէ այս հասկացութիւնը կ՛արտացոլայ հիմնարար միջպետական փաստաթուղթին մէջ, որ նախատեսուած է առաւել քան 20 տարիներու հեռանկարի մը համար, եւ որ շատ բան կ՛ըսէ: Միակ տարբերութիւնը այն է, որ Ռուսիա Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման հարցերով Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ փոխվարչապետներու համանախագահութեամբ եռակողմ աշխատանքային խումբի անդամ է», ըսաւ Զախարովա՝ աւելցնելով, որ ԵԱՏՄի եւ Եւրոպական Միութեան շրջանակներուն մէջ բոլոր իրաւական հիմքերը եւ սակագնային համակարգերը, որոնց հիման վրայ կը կառուցուի գործակցութիւնը, մէկը միւսին բացառող բնոյթ կը կրեն։ Ան այս մասին խօսեցաւ՝ մեկնաբանելով Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին առաջին ընթերցումով Եւրոպական Միութեան անդամակցելու գործընթացին սկսելու ընդունուած նախագիծը:
«Չենք ժխտեր, որ ասիկա Հայաստանի գերիշխան որոշումն է: Բայց ինքնին Հայաստանի ներկայի իշխանութիւններուն եւ ոչ թէ Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան պարտականութիւնն է ծրագրուած քայլերուն բոլոր հետեւանքները բնակչութեան ներկայացնելը եւ բացատրելը», ըսաւ Զախարովա։