Courrier International շաբաթաթերթը կը հաղորդէ, թէ Պաքուի «Ռուսական տուն»ը փակուած է՝ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու լարուածութեան ենթախորքին վրայ։
Ատրպէյճան Մոսկուան կը մեղադրէ 25 Դեկտեմբերին պատահած օդանաւային աղէտէն ետք իր որդեգրած կեցուածքին համար։ Նշենք, որ հրթիռ մը հարուածեց «Ատրպէյճան Էյրլայնզ»ի օդանաւ մը՝ պատճառելով 38 զոհեր։
«Ռուսական տան» պաշտօնական առաքելութիւնը արտասահմանի մէջ ռուսական մշակոյթը տարածելն է. անոր ատրպէյճանական մասնաճիւղը Պաքուի մէջ կը գործէր 1997էն ի վեր։
«Այս կազմակերպութիւնը կոպտօրէն կը խախտէ Ատրպէյճանի օրէնսդրութիւնը», կը գրէ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը։
Աւելի ուշ, Պաքուի «Ռուսական տուն»ը յայտարարեց, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան պահանջին իբրեւ պատասխան՝ կասեցուցած է իր գործունէութիւնը եւ անոր ցուցատախտակը արդէն իսկ վերցուեցաւ Պաքուի այն շէնքէն, ուր կը գործէր գրասենեակը։
Ռուսական մշակոյթի այս տուները, որոնք ներկայ են շատ մը երկիրներու մէջ, ծանօթ են ոչ միայն ռուսական մշակոյթը տարածելու իրենց առաքելութեամբ, այլեւ կը գործեն իբրեւ ռուսամէտ քարոզչութեան կեդրոններ։