Նախապէս անդրադարձած էինք Թորոնթոյի կրթական խորհուրդի որդեգրած ցեղասպանութիւններու նիւթին յատկացուած նոր պատմութեան դասընթացքին, որ պիտի սկսի կիրարկուիլ յառաջիկայ աշնան, Թորոնթոյի երկրորդական վարժարաններուն մէջ: 11րդ դասարանի «CHG38M, Genocide: Historical and Contemporary Implications» խորագրով դասընթացքը կը բաղկանայ երեք ցեղասպանութիւններու ուսումնասիրութիւններէ՝ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, Հրէական ողջակիզումը եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնը:
Ատենին յայտնած էինք նաեւ, որ դասընթացքին բովանդակութեան մէջէն Հայկական Ցեղասպանութեան ջնջումը պահանջող բողոքագիր մը հրապարակած է թրքական նորակազմ կազմակերպութիւն մը: Հետեւաբար պիտի չզարմանանք, որ հարցը գրաւած է քանատական մամուլին ուշադրութիւնը, եւ «Թորոնթօ Սթար»ի Յունուար 7, 2008ի թիւին մէջ կրթական հարցերու լրագրող՝ Լուիզ Պրաուն հրատարակած է այս մասին յօդուած մը:
Յօդուածին խորագիրն է «1200 անձեր կը ստորագրեն բողոքագիր մը դասընթացքի մը դէմ, որ 1915ի հայերու մասսայական ջարդերը ցեղասպանութիւն կ’որակէ»: Լրագրողը լաւապէս ուսումնասիրած է դասընթացքին բովանդակութիւնը եւ առարկայականօրէն կը ներկայացնէ Թորոնթոյի Շրջանի Կրթական խորհուրդի տեսակէտները, ինչպէս նաեւ կ’արձագանգէ թուրք քանատացիներու խորհուրդին (Council of Turkish Canadians) պահանջներուն:
Թուրք քանատացիներու խորհուրդին դժգոհութիւնները կը մնան նոյնը՝ դասընթացքը ատելութիւն կը սերմանէ թուրք երեխաներու դէմ, ցեղասպանութեան որակումը յօրինումն է հայկական սփիւռքին, հայերուն մերժումը «անկողմանակալ» մարմնի մը կողմէ պատմական դէպքերը դարձեալ քննելու: Թուրք քանատացիներու խորհուրդի վարիչ-տնօրէն Լալէ Էսքիճիօղլու, որ Օթթաուայի մէջ ճարտարագիտուհի մըն է, նոյնիսկ կը յայտնէ, թէ ինչո՞ւ այսպիսի խնդրայարոյց ցեղասպանութիւն մը ընտրուած է, երբ ուրիշ երկիրներու մէջ գործադրըւած զարհուրանքներու օրինակը կարելի էր զատել…:
Այս բոլորին դիմաց Լուիզ Պրաուն կը նշէ խօսքերը Toronto District School Board-ի (TDSB) անդամ Ճէրի Կըրշընի, որ առաջարկած է դասընթացքը՝ ողջակիզման Լեհաստանի կեդրոնատեղիներուն մէջ յուզիչ շրջապտոյտ մը կատարելէ ետք: «Ասոնք նշանակալից, ահաւոր մասեր են պատմութեան մէջ, եւ կը յուսանք բան մը սորվիլ անոնցմէ, որ աւելի լաւ աշխարհ մը կարենանք ստեղծել մեր զաւակներու զաւակներուն համար», կը բացատրէ Կըրշըն: «Մեր նպատակը բացարձակապէս ատելութիւն սորվեցնել կամ ոճրագործները այպանել չէ. մեր նպատակը ճիշդ հակառակն է. քննել ինչպէս այսպիսի բան կրնայ պատահիլ, որպէսզի աւելի լաւ մարդ արարծներ դառնանք եւ վստահ ըլլանք որ նմանօրինակ դէպքեր երբեք պիտի չկրկնուին»:
TDSB-ի պատասխանատու Նէյտին Սիկըլ կը բացատրէ, որ ուսուցիչներ արդէն իսկ պատրաստուած են դասընթացքը լաւապէս ներկայացնելու՝ յարգելով զգայնութիւններն ու բազմամշակութային աշակերութիւնը դպրոցներուն: Ան կը յիշեցնէ նաեւ, որ քանատական կառավարութիւնը ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը եւ դասընթացքը վաւերացուած է Օնթարիոյի կրթութեան նախարարութեան կողմէ:
Յօդուածը կը յիշէ նաեւ, որ նոր դասընթացքը շնորհաւորանքի կ’արժանանայ տարբեր պատմագէտներու եւ մարդկային իրաւանց պաշտպաններու կողմէ. անոնց կարգին են ՄԱԿի մօտ Քանատայի նախկին ներկայացուցիչ Սթեֆըն Լուիս, հեղինակ Ճոյ Քոկաուա եւ ցեղասպանութեան պատմագէտ Ֆրէնք Չոք, որ տնօրէններէն մէկն է «Montreal Institute for Genocide and Human Rights Studies»ին, Քոնքորտիա համալսարանին մէջ:
Սիկըլ կը նշէ նաեւ, որ դասընթացքը պատրաստուած է UNICEFի, York University-ի, Canadian Centre for Genocide and Human Rights Education-ի, University of Toronto-ի եւ Holocaust Center of Toronto-ի մասնագէտներու կողմէ: Դասընթացքին մասին հետաքրքրուած են բազմաթիւ դպրոցներ մինչեւ իսկ Մոնթրէալի մէջ:
Վերջապէս TDSB-ի ներկայացուցիչներ Սիկըլ եւ Կըրշըն կը յիշեն International Association of Genocide Scholar-ի 1997ի միաձայն յայտարարութիւնը, որ հայկական ջարդերը ցեղասպանութիւն կ’որակէ:
Թրքական խորհուրդի վարիչ-տնօրէն Lale Eskicioglu կը մտադրէ այս ամսուան ընթացքին բողոքագիրը ներկայացնել Թորոնթոյի Կրթական խորհուրդի նիստին եւ պահանջել ցեղասպանութեան դասընթացքին վերացումը ուսումնական ծրագրէն կամ անոր բովադակութենէն ջնջել տալ որեւէ ակնարկ «Օսմանեան-հայկական ողբերգութեան»: Gershon կը յայտնէ, որ պիտի ընդդիմանայ որեւէ նման փոփոխութեան:
Յայտնենք նաեւ, որ Քանատայի Հայ Դատի յանձնախումբն ու Թորոնթոյի Հայ Դատի յանձնախումբերը իրենց կարգին ցեղասպանութիւններու դասընթացքին ի նպաստ նամակարշաւի եւ խնդրագրի ստորագրութեան արշաւներ կազմակերպած են եւ զօրակցական հազարաւոր ստորագրութիւններ կը հաւաքեն:
Այլ զօրակցական գրութիւններ եւս լոյս կը տեսնեն տարբեր հրատարակութիւններու մէջ, ինչպէս օրինակ, Էլէն Ուայթհորնի The Kingston Whig Standard-ի կայքէջքին վրայ հրատարակած յօդուածը, որու խորագիրը ինքնին խօսուն է եւ յաւելեալ բացատրութեան չի կարօտիր. «In order to prevent genocide, we need to learn about it»: Յօդուածագիրը քաղաքական գիտութեանց դասախօս Քանատայի Royal Military College-ի մէջ: Իր պատգամը յստակ է. «Ցեղասպանութեան հերքումը պէտք է դադրի. նմանօրինակ դասընթացքի մը հաստատումը շատոնց պէտք է կատարուէր»:
Ասոր դիմաց, կ’ուզեմ անդրադառնալ Այտըն Եուրթչուի ստորագրութիւնը կրող նամակի մը, որ ուղղուած է Թորոնթոյի կրթական խորհուրդին եւ հետեւեալը կը հարցնէ. «Հարցում մը ունիմ այսպէս կոչուած Հայկական Ցեղասպանութեան նիւթին ընդգրկման առնչութեամբ Օնթարիոյի կրթական ծրագրին մէջ: Եթէ առաջարկը իրականանայ եւ պատմութեան ուսուցիչ մը աշակերտէն ուզէ երեք ցեղասպանութիւններու անուններ եւ ան մերժէ այսպէս կոչուած Հայկական Ցեղասպանութեան անունը տալ, այդ աշակերտը պիտի ձախողի՞»:
Ինչ որ կը ձախողի, յստակօրէն դադրեցումն է թրքական հակահայ պայքարի եւ ցեղասպանութեան հերքումի քաղաքականութեան…