
Մանուկներու «Էմանուէլ» բարեսիրական հիմնարկին կազմակերպութեամբ, 21 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ տեղի պիտի ունենայ համերգ մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուին հայ յօրինողներու ստեղծագործութիւններ։ Ձեռնարկին հասոյթը պիտի յատկացուի մանուկներու յատուկ «Լոյսի տուն» բարեսիրական կեդրոնին։
Ելոյթներ պիտի ունենան «Հայկեան» եւ Իրանահայ միութեան երգչախումբերը, ինչպէս նաեւ շարք մը մենակատարներ։
Ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Իրանահայ միութեան կեդրոնի սրահին մէջ, որուն հասցէն է՝ 117 S Louise St, Glendale, CA 91205։
Տեղեր ապահովելու համար այցելել կայքէջը։