Սէուտական Արաբիոյ մայրաքաղաք Ռիատի մէջ տեղի ունեցան ռուսական եւ ամերիկեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւններ` մասնակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիոյի եւ անոր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի:
«Ռուսիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացաւ դիւանագիտական առաքելութիւններու աշխատանքներու բնականոնացման համար պէտք եղածը որդեգրելու համար խորհրդակցական մարմիններ կազմելու շուրջ», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Աշխատանքը կը շարունակուի, եւ այսօրուան ժողովը երկար եւ դժուար երթի մը առաջին քայլն է: Պէտք է Ուքրանիոյ մէջ տագնապին վերջ տալու համար զիջումներ կատարել, եւ ջանք կը թափենք պատերազմի վերջնական աւարտին համար։ Ուքրանիոյ տագնապին մասնակցող բոլոր կողմերը պէտք է համաձայնին տագնապին վերջ տալու լուծումի մը շուրջ», ժողովէն ետք յայտարարեց Ռուպիօ:
Նախքան այդ, Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով, որ ռուսական պատուիրակութեան մաս կը կազմէր, յայտնած էր հետեւեալը. «Ռուսական եւ ամերիկեան պատուիրակութիւններուն միջեւ բանակցութիւնները լաւ ձեւով ընթացան: Ռուս-ամերիկեան բանակցային մասնակի խմբակներ յարմար պահուն Ուքրանիոյ հարցով հաղորդակցութիւններու պիտի սկսին»:
«Ուքրանիա պատրաստ չէ իր հողերէն որոշ մասերէ հրաժարելու», յայտարարեց Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի Անգարայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին:
«Ռիատի մէջ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները մեզի համար անակնկալ էին եւ անոնք մեզի համար պարտադիր չեն, եւ անոնց արդիւնքներով հետաքրքրուած չենք: Մեր հողերէն պիտի չհրաժարինք եւ ռուսական գաղութատիրութիւն պիտի չընդունինք: Կ՛ուզենք, որ ամերիկացիները բանակցելու համար Քիեւ քան եւ ոչ թէ որեւէ այլ տեղ», յայտնեց Զելենսքի՝ աւելցնելով. «Պէտք է պատերազմը աւարտելու եւ խաղաղութիւն հաստատելու յստակ երաշխիքներ ըլլան: Եթէ Ուքրանիոյ ներկայացուած պայմանները արդար ըլլան, կարելի է զանոնք ընդունիլ, պայմանով որ ըլլան երաշխաւոր պետութիւններ, որոնց շարքին Թուրքիա: Պատերազմին վերջ տալու բանակցութիւնները պէտք է Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ ըլլան եւ կռնակին ետին պէտք չէ տեղի ունենան։ Կ՛ուզենք պատերազմին վերջ տալ, սակայն արդար ձեւով»:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լէյեն Ուքրանիոյ հարցին գծով յատուկ պատուիրակ Քիթ Քելոկի հետ հանդիպումէն ետք ըսաւ հետեւեալը. «Եւրոպական Միութիւնը կ՛ուզէ Ուքրանիոյ մէջ արդար ու տեւական խաղաղութեան համար գործակցիլ Միացեալ Նահանգներու հետ: Ասիկա վճռորոշ պահ է: Եւրոպան նիւթական եւ զինուորական աւելի մեծ մասնակցութիւն ունեցաւ, քան որեւէ այլ կողմ: Մեր ջանքերը պիտի աշխուժացնենք»: