Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան չի բացառեր, որ նոր Սահմանադրութեան նախաբանէն հանուի Անկախութեան հռչակագիրի յղումը: Ան այս մասին յայտարարեց, հակարակ անոր որ Սահմանադրական դատարանը սահմանազատման կանոնակարգին հարցը քննելու ատեն արձանագրած է՝ «մայր օրէնքի նախաբանն անփոփոխելի է»:
«Այս հարցի շուրջ դեռեւս վերջնական որոշում չունենք: Բայց կը լինի, թէ չի լինի այն արտայայտութիւնը, որ այսօր կայ տեքստում, մեր իրական կեանքում որեւէ բան չի փոխել», յայտնեց Գալեան:
Անկախութեան հռչակագիրին մէջ կայ Արցախի եւ Հայաստանի միաւորման մասին յիշատակում մը, զոր Պաքու կը մեկնաբանէ իբրեւ տարածքային նկրտում Ատրպէյճանի նկատմամբ եւ կը պահանջէ փոխել զայն:
Թէեւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ խմբակիցները կը հակադարձէին, որ Մայր օրէնքի փոփոխութիւնը երկրի ներքին գործն է, Սեպտեմբերին հարցին անդրադարձաւ Հայաստանի Սահմանադրական դատարանը՝ արձանագրելով, որ 1990ին ընդունուած հռչակագիրը իրաւական նշանակութիւն չունի:
Իշխանութիւնը փորձեց Պաքուի մտահոգութիւնները փարատել՝ յղում կատարելով այդ որոշումին եւ պնդելով, թէ բարձր դատարանը հարցը փակած է: Սակայն Ատրպէյճան շարունակեց իր պահանջը, իսկ 19 Փետրուարին վարչապետը բացայայտօրէն յայտարարեց հանրաքուէով նոր Սահմանադրութիւն մը ընդունելու մասին՝ նշելով, որ նախորդները օրինականութեան պակաս ունին:
«Նոր Սահմանադրութեան ընդունման ռազմավարական նպատակն անցումն է պետականազուրկ ազգի մնացորդային գործելակարգից դէպի պետականակերտ ժողովրդի գործելակարգ», ըսաւ ան:
Թէ՛ խորհրդարանական, թէ՛ արտախորհրդարանական ընդդիմութեան շարքերէն արդէն կը յայտարարեն՝ Նիկոլ Փաշինեանը մարդոց համար անհասկնալի փաթեթաւորմամբ որոշած է բաւարարել Ատրպէյճանի պահանջը ու փոխել Սահմանադրութիւնը: «Հայաստանի քաղաքացիները պէտք է մերժեն Փաշինեանի եւ Ալիեւի օրակարգը», կը շեշտէ ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Խաչատրեան՝ աւելցնելով. «Այդ Սահմանադրութիւն ասածը պէտք է բոյկոտել: Բոյկոտ, գնալ, դէմ քուէարկել, բայց Ալիեւի պահանջը չպէտք է անցն»ջ:
Ընդդիմադիր միւս՝ «Պատիւ ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեանը եւս համամիտ է, որ Նիկոլ Փաշինեանը Իլհամ Ալիեւի օրակարգով կ՛առաջնորդուի: Իսկ որպէսզի անիկա տապալի, քաղաքական ուժերն ու քաղաքացիները, ըստ անոր, պէտք է միասնական գործեն:
«Որպէսզի փաշինեանական իշխանութիւնն ադրբեջանական օրակարգը սպասարկելու ճանապարհին հնարաւորութիւն չունենայ մեր ժողովրդին տանելու նոր փորձութիւնների ճանապարհով: Այդ հանրաքուէի իրականացման ժամանակ մեր քաղաքացին ունի երկու անելիք՝ գնալու եւ դէմ արտայայտուելու իր քուէարկութեան, երկրորդը, որ նաեւ քաղաքական ուժերի, հասարակական կազմակերպութիւնների խնդիրն է, պաշտպանել մեր քաղաքացիների քուէն», ըսաւ ան:
Թէ՛ Փաշինեան եւ թէ արդարադատութեան նախարարը յստակ կերպով չբացատրեցին, թէ ի՛նչ է նոր Սահմանադրութիւն ունենալու հիմնական պատճառը:
Գալեան յայտնեց, որ նոր Սահմանադրութեան բնագիրը պատրաստ պիտի ըլլայ մինչեւ 2026ի ընտրութիւնները եւ հաւանաբար հանրաքուէի կը դրուի ընտրութիւններէն ետք:
Նշենք, որ Պաքու Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը կը նկատէ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան գլխաւոր նախապայմանը: