Արդարադատութեան նախարար Սրբուհի Գալեան երբեք պարտադիր չի համարեր ըսել, թէ պետութիւնը բան մը կ՛ընէ՞ կամ ի՞նչ կ՛ընէ Ատրպէյճանի դատարանին դիմաց կանգնած հայ գերիներու հարցով:
«Շատ զգայուն է, եւ շատ մեկնաբանութիւններ հարցի հետ կապուած չեմ կարող տալ մի պարզ պատճառաբանութեամբ, որ տրուող մեկնաբանութիւնը գուցէ ինչ-որ առումով խանգարի մեր այն մարդկանց, որ գտնւում են այդ իրավիճակում», ըսաւ Գալեան:
3րդ օրն է, որ Պաքուի մէջ կատարուող «դատավարութեան» դէմ արդէն երկրորդ անգամն ըլլալով բողոքի հացադուլի սկսած է Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը: Հրապարակային արձագանգ չկայ Երեւանէն: Վարդանեան 19 Փետրուարին ընտանիքին միջոցով դիմած էր աշխարհի առաջնորդներուն, միջազգային կազմակերպութիւններուն, իրաւապաշտպաններուն, լրատուամիջոցներուն, պատմած է իրեն նկատմամբ «ադրբեջանական ապօրինութիւնների մասին» եւ յայտարարած՝ «հրաժարւում է մասնակցել դատական ֆարսին (զաւեշտին»:
Վարդանեանի համախոհները դժգոհ են, որ պետութեան քայլերը չեն տեսներ: «Մեր իշխանութիւնը համրուխուլ է, պատմութիւնն իրենց չի ներելու», ըսաւ «Ապրելու երկիր» կուսակցութեան նախագահ Թանդիլեան:
Ան Ռուբէն Վարդանեանի բարձրացուցած խախտումները ուղարկած է Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դեսպաններուն՝ միջազգային դերակատարներէն ակնկալելով հրատապ քայլեր Պաքուի բանտերուն մէջ գտնուող հայերը ազատ արձակելու ուղղութեամբ:
«Տեղեկատուութեան տոտալ (ամբողջական) բացակայութեան պարագայում, երբ մեր իշխանութիւնները որեւէ բան չեն անում, ադրբեջանական իշխանութիւնները շարունակում են իրենց պրոպագանդան (քարոզչութիւնը), իրենց կեղծ թէզերը տարածել: Իր կեանքը վտանգի տակ դնելով նման տեղեկութիւն փոխանցել իր ընտանիքի միջոցով աշխարհին, հանրութեանը եւ մեզ՝ սա զուտ հարուած է իր անվտանգութեանը, կեանքին», շեշտեց Թանդիլեան:
Ատրպէյճանի դէմ պատերազմին մէջ նաեւ Հայաստանի ու Արցախի նախկին ղեկավարներու դէմ մեղադրանքներ առաջադրուած են: Պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանի անունը եւս մեղադրականին մէջ յիշատակուած է: «Ամէն ինչ պէտք է արուի, որ ցեղասպան եւ յանցագործ Ադրբեջանն իր պատիժն ստանայ: Այդ առումով գտնում եմ, որ չափազանց բացասական երեւոյթ է, երբ հայցեր չեն ներկայացւում, կամ խօսակցութիւն է գնում, որ Բաքուի նկատմամբ յանցագործութիւն կատարելու առումով միջազգային հայցերը կարող են վերադարձուել», ըսաւ Օհանեան: