
Կիրակի, 23 Փետրուարին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ եւ կատարեց եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնն ու օծումը հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Սահակ Ծ. վրդ. Եմիշեանի, Պետրոս Ծ. վրդ. Մանուէլեանի եւ Տաճատ Ծ. վրդ. Աշըգեանի։
Հայրապետական թափօրը, եկեղեցւոյ ղօղանջներուն ներքեւ Վեհարանէն սկիզբ առնելով՝ ուղղուեցաւ Մայր տաճարը։ Թափօրին մաս կը կազմէին հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական բոլոր կարգերը եւ ընծայեալներու թեմերու ժողովուրդի ներկայացուցիչները, Հայրապետին առընթերակայ եպիսկոպոսները՝ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան եւ Թորգոմ արք. Տօնոյեան, ինչպէս նաեւ խարտաւիլակ հայր սուրբը՝ Ստեփանոս Ծ. վրդ. Փաշայեան, եւ հայրապետական ամպհովանին կրելու պատիւը ունեցած Պերճ Աբգարեան, Թագւոր Յովակիմեան, Ռազմիկ Գարակիւլեան եւ Արսէն Գալֆայեան։
Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար ու Ազգային կեդրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի անդամ դոկտ. Նորա Պայրագտարեան, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, հիւր հոգեւորականներ, ընծայեալներու ընտանիքներ, ազգականներ, բարեկամներ եւ հաւատացեալներ։


Արարողութեան բոլոր աղօթքները կը խնդրէին Ամենակալէն, որ Իր օրհնութիւնը անպակաս ընէ նորընծայ եպիսկոպոսներուն վրայէն, որպէսզի անոնք կարենան իրենց վստահուած Աստուծոյ ժողովուրդը հովուել եւ դէպի բարին ու ճշմարիտը առաջնորդել։ Խարտաւիլակ հայր սուրբը Սրբալոյս միւռոնը բերելով Սուրբ խորան՝ յանձնեց վեհափառին եւ ան, իր կարգին, օծեց ճակատը եւ աջ ձեռքին բթամատը Սահակ եպիսկոպոսին, Պետրոս եպիսկոպոսին եւ Տաճատ եպիսկոպոսին։ Ապա, կաթողիկոսը անոնց շնորհեց եպիսկոպոսական գաւազան եւ մատանի՝ աղօթելով. «Մեր Տիրոջ՝ Յիսուսի Քրիստոսի Հայրը, որ Իր կամքով ձեզ եպիսկոպոսական պատիւին բարձրացուց, Իր կարողութեամբ ահա ձեզ կը կնքէ այս սուրբ օծումով եւ առատապէս կը լեցնէ հոգեւոր օրհնութեամբ»։
Ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութեան աւարտին վեհափառը տուաւ իր հայրապետական պատգամը։ ««Ուրախ լեր, եկեղեցի՛ Քրիստոսի», որովհետեւ այսօր Քրիստոսատուր առաքելութեան կու գան միանալու երեք զինուորագրեալ եպիսկոպոսներ, Քրիստոսի կողմէ մեզի տրուած առաքելութիւնը իրենց կեանքով ու մանաւանդ ծառայութեամբ իրագործելու» ըսելով սկսաւ իր քարոզը Արամ Ա. կաթողիկոսը։ Ան դիտել տուաւ, որ Քրիստոսի հիմնած եկեղեցին մեր հասկացողութեամբ քարեղէն կառոյցը չէ, այլ իր էութեամբ առաքելութիւն է, որ ժողովուրդի կեանքին մէջ կ՛իրագործուի հոգեւորականներու միջոցաւ։
Ապա, խօսքը ուղղելով նորընծայ եպիսկոպոսներուն՝ հայրապետը ըսաւ. «Այո՛, այսօր դուք դարձաք մեր եկեղեցւոյ իշխանները, սակայն չշփոթէք այս իշխանութիւնը աշխարհի արքունի աստիճաններու հետ։ Դուք պէտք է ըլլաք եկեղեցւոյ ճշմարի՛տ իշխանները, այլ խօսքով անոր սպասաւորները եւ մեր ժողովուրդին ծառաները՝ հետեւելով մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի օրինակին։ Հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, իր միաբանութեամբ, այսպէս ըմբռնած է ու կ՛ըմբռնէ ընդհանրապէս հայ հոգեւորականին եւ մանաւանդ եպիսկոպոսին դերը։ Իշխա՛ն, այո՛, սակայն իշխանաբա՛ր ծառայելու, ինչպէս Քրիստոս Ի՛նք ծառայեց։ Իմ սպասումս է, որ մեր երեք նորընծայ եպիսկոպոսները այս գիտակցութեամբ ու նուիրումով, իրենց դիմաց ունենալով իշխաններու Իշխանը ու ծառաներու Ծառան՝ Քրիստոսը, եւ լսելով Անոր պատգամը, երթան իրենց վստահուած ծառայական դաշտ եւ Աւետիարանի սկզբունքներով, արժէքներով ու ճշմարտութիւններով ծառայեն Աստուծոյ, ծառայեն մեր ժողովուրդին եւ ծառայեն մեր հայրենիքին։ Ահաւասիկ հոգեւորականներուս կոչումը. ահաւասիկ մեր եկեղեցւոյ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանութեան սրբազան կոչումը», եզրափակեց իր պատգամը Արամ Ա. կաթողիկոսը։
«Ողջոյն»ի պահուն, վեհափառը եւ միաբան հայրերը նորաօծ եպիսկոպոսներուն միւռոնադրոշմ ճակատը եւ ձեռքերը համբուրելով՝ շնորհաւորեցին զանոնք եւ արդիւնաբեր ու պտղալի ծառայութիւն մաղթեցին։
Ապա, տեղի ունեցաւ նորաօծ եպիսկոպոսներուն ճակատի ու ձեռքի լուացումը։ Սահակ եպիսկոպոսին ճակատը եւ ձեռքը լուած կնքահայր Արսէն եւ Վերոնիք Գալֆայեանները, Պետրոս եպիսկոպոսին՝ կնքահայր Ռազմիկ Գարակիւլեանը, իսկ Տաճատ եպիսկոպոսին՝ Պերճ եւ Արփի Աբգարեաննները։
Աւարտին, նորընծայ եպիսկոպոսները հաւատացեալ ժողովուրդէն շնորհաւորութիւններ ընդունեցին եկեղեցւոյ դասուն մէջ՝ Մայր տաճարի խորանին առջեւ։