
Պըրպենք քաղաքի վարիչ Ճասթին Հես յայտարարեց, թէ Կլենտէյլի ոստիկանութենէն «քեփթըն» Ռաֆայէլ Քուինթերօ նշանակուած է Պըրպենքի ոստիկանապետ։ Ան պաշտօնը պիտի ստանձնէ Ապրիլի սկիզբը։
Քուինթերօ պիտի փոխարինէ ոստիկանապետ Մայքըլ Ալպանեզը, որ 28 Փետրուարին հանգստեան կոչուեցաւ։ Մինչեւ Ապրիլ, քաղաքին ժամանակաւոր ոստիկանապետը պիտի ըլլայ ոստիկանապետի տեղակալ Էտըմ Քորնիլզ։
Նշենք, որ Քուինթերօ ոստիկանութեան շարքերուն մէջ առաւել քան 25 տարիներու փորձառութիւն ունի։